Տաւութօղլու Երեւանին կոչ ըրած է «պատմական իրադարձութեանց գերին չդառնալու»

By Asbarez | Tuesday, 02 September 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ. «Երկիր».- Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 1ին ունեցած ելոյթի մը ընթացքին, վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլու կառավարութեան ռազմավարական նպատակներէն մէկը անուանած է՝ «Ատրպէյճանի հողերու ազատագրումը»:


Ան այս յայտարարութիւնը կատարած է Թուրքիոյ 62րդ կառավարութեան ծրագիրը օրէնսդիրներուն ներկայացնելու ժամանակ:

Տաւութօղլուի պնդումով՝ նշեալ տարածքներու «ազատագրում»էն ետք, Անգարա քայլերու պիտի նախաձեռնէ նաեւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւնները կարգաւորելու առնչութեամբ: Այս գծով, Թուրքիոյ վարչապետը Երեւանին կոչ ըրած է՝ «պատմական իրադարձութեանց գերին չդառնալու», նաեւ չմերժելու երկկողմանի յարաբերութիւնները բարելաւելու Անգարայի առաջարկները:

 


comments

Advertisement