Բակօ Սահակեան ընդունած է Լիթուանիա-Արցախ բարեկամութեան խումբի անդամները

By Asbarez | Wednesday, 03 September 2014

 

 


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Ստեփանակերտ գտնուող Լիթուանիոյ Հանրապետութեան խորհրդարանի՝ Սէյմասի Արցախի Հանրապետութեան հետ բարեկամութեան խումբի պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմեն խումբի նախագահ Տալիա Քուոտիթէն, անուանի քաղաքական գործիչ եւ լրագրող Ռիմվիտաս Վալաթքան, 3 Սեպտեմբեին հանդիպում ունեցած են Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Արցախ-Լիթուանիա յարաբերութիւններուն, ատրպէյճանական-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման եւ տարածաշրջանային զարգացումներուն վերաբերող հարցեր:

Երկրի ղեկավարը Լիթուանիա-Արցախ բարեկամութեան խումբի ձեւաւորումը քաղաքական եւ բարոյական կարեւոր իրադարձութիւն նկատած է՝ զայն դիտարկելով որպէս անկեղծ բարեկամութեան ու միջազգային իրաւունքի սկզբունքներու յարգանքի վկայութիւն:

Հանդիպման ներկայ եղած են Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեանը, Լիթուանիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան Արա Այվազեանը եւ պաշտօնատար այլ անձեր:

 


comments

Advertisement