By Asbarez | Wednesday, 03 September 2014
ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Յառաջիկայ Մարտ 13-15, Նիւ Եորքի «Մարիըթ Մարքի» (Marriott Marquis) պանդոկէն ներս տեղի պիտի ունենայ միջազգային խորհրդաժողով՝ նուիրուած Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակին:
Այս եռօրեայ խորհրդաժողովին ելոյթ պիտի ունենան շարք մը յայտնի պատմաբաններ, քաղաքականութիւն մշակող անձեր, գրողներ եւ արուեստագէտներ, հրաւիրուած զանազան երկիրներէ: Յայտագիրը պիտի պարունակէ զուգահեռաբար գումարուող առաւօտեան եւ երեկոյեան զրոյցներ եւ քննարկումներ, որոնք պիտի կեդրոնանան Ցեղասպանութեան համար արդարութեան եւ հատուցման հարցերուն, պաշտպանելու պատասխանատուութեան, Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան, արդարութեան եւ հաշուետուութեան գործընթացին, համերաշխութեան կառուցման եւ Ցեղասպանութեան ու զանգուածային բռնութեան դէմ արուեստագիտական պատասխաններուն:
«Պատասխանատուութիւն 2015» անունը կրող այս խորհրդաժողովը կը կազմակերպուի ՀՅԴ Արեւելեան ԱՄՆի Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի յանձնախումբին կողմէ, ԱՄՆի Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի յանձնախումբի հովանաւորութեամբ:
Երեկոյեան նիստերը պիտի համախմբեն քաղաքականութիւն մշակող անձեր, քաղաքական ղեկավարներ, արուեստագէտներ եւ յայտնի անձնաւորութիւններ, որոնք պիտի շեշտեն անցեալի անարդարութիւնները դիմագրաւելու պատասխանատուութիւնը եւ նորերուն արգելք հանդիսանալու պայքարը:
Գոյատեւման նիւթ ունեցող լուսանկարչական եւ արուեստի ցուցադրութիւններ տեղի պիտի ունենան խորհրդաժողովի գումարման տեւողութեան ընթացքին:
Կազմակերպական յանձնախումբին մաս կը կազմեն համանախագահներ Խաչիկ Մուրատեան եւ Հայկ Օշական, իրենց կողքին ունենալով Ճորճ Աղճայեանը, Քիմ Հեքիմեանը, Անդրանիկ Գասպարեանը եւ Հենրի Թերիօն:
Մասնակցող դասախօսներու ցանկը պիտի հրապարակուի յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին: Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար, կարելի է կապ հաստատել խորհրդաժողովի համադրող Սարգիս Պալխեանի հետ՝
sarkisbalkhian1987@gmail.com կամ այցելել խորհրդաժողովի կայքը՝
www.responsibility2015.com:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ