Սարգսեան-Ալիեւ հանդիպո՞ւմ

By Asbarez | Wednesday, 03 September 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ.- «Հայկական Ժամանակ»ը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի նախագահական պալատին մօտիկ աղբիւր մը յայտնած է, որ նախագահ Սերժ Սարգսեան համաձայն գտնուած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպելու այս շաբաթ, Կալեսի մայրաքաղաք Քարտիֆի մէջ տեղի ունենալիք ՆԱԹՕի վեհաժողովին ընթացքին։ Թերթին աղբիւրները կը փոխանցեն, թէ հանդիպում կազմակերպելու նախաձեռնութիւնը կը պատկանի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերիին։ Թերթը կը գրէ, որ Օգոստոս 8ին, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի կազմակերպած Սոչիի հանդիպումէն ետք, Ուաշինկթըն կարեւոր նկատած է Սարգսեան-Ալիեւ նոր հանդիպում կազմակերպելը, հոլովոյթէն մեկուսացուածի վիճակին մէջ չյայտնուելու համար։


Քանի որ տակաւին վերջնականապէս յայտնի չէ, թէ Ալիեւ պիտի մեկնի՞ Քարտիֆ թէ ոչ, Սարգսեան-Ալիեւ նոր հանդիպումը կասկածի տակ է։ Սակայն, «Հայկական Ժամանակ»ի տեղեկութիւններով՝ Ալիեւ նախնական համաձայնութիւն տուած է։

Թերթը կը յիշեցնէ, որ Սարգսեան-Ալիեւ հանդիպում կազմակերպելու նախաձեռնութիւն ցուցաբերած է նաեւ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտը, տարածաշրջան իր կատարած այցելութեան ընթացքին։


comments