Էրտողան պիտի հեռանայ Հայերու պատկանած նախագահական պալատէն

By Asbarez | Wednesday, 03 September 2014

 

 


ԱՆԳԱՐԱ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Թուր-քիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան որոշած է հանրապետական ամբողջ պատմութեան ընթացքին նախագահական նստավայրը հանդիսացած Չանքայայի պալատէն հեռանալ։

Գասապեան ընտանիքին պատկանած եւ Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն խլուած պալատը պիտի օգտագործուի վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլուի եւ անոր աշխատակազմին կողմէ։

Խախտելով Թուրքիոյ հանրապետութեան 91ամեայ աւանդոյթը՝ Էրտողան որոշած է նախագահական նստավայր դարձնել «Աթաթուրքի անտառային հողատարածք» անունը կրող տարածքին մէջ կառուցուող նոր պալտը:

 


comments

Advertisement