Սուրիա կ՛ողջունէ վերակառուցման մէջ Իրանի դերը

By Asbarez | Wednesday, 03 September 2014

 

ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Թասնիմ».- Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Սեպտեմբեր 3ին Իրան-Սուրիա տնտեսական յարաբերութեանց յանձնախումբի նախագահ Ռոսթամ Քասիմիին հետ հանդիպումին ընթացքին յայտնած է. «Սուրիացի ժողովուրդը կ՛ողջունէ վերակառուցման թղթածրարին մէջ ներդրում ունենալու Իրանի եւ այլ բարեկամ երկիրներու պատրաստակամութիւնը, եւ բարձր կը գնահատէ Իրանի հանրապետութեան դիրքը՝ Սուրիոյ կողքին կանգնելու, ընդդէմ այն ծրագիրներուն, որոնք թիրախ կը դարձնեն տարածաշրջանի ժողովուրդներն ու անոնց հասարակաց շահերը»։


Ասատ Քասիմիի հետ քննած է Սուրիա-Իրան տնտեսական ներկայ գործակցութիւնը եւ զայն զարգացնելու ու ամրապնդելու հեռանկարները։

 


comments