Իսլամ ծայրայեղականները օրական 3 միլիոն Տոլար կ՛ապահովեն քարիւղի վաճառքէն

By Asbarez | Wednesday, 03 September 2014

ՄՈՍԿՈՒԱ.- «Կազեթա.ռու» կը գրէ, որ «Իսլամական պետութիւն»ը սեւ շուկայի վրայ քարիւղ վաճառելով՝ օրական միջին հաշուով երեք միլիոն տոլարի շահ կ՛ապահովէ։

Վերջին ամիսներուն, իսլամ ծայրայեղական զինեալները յաջողած են գրաւել քանի մը քարիւղի հանքեր Սուրիոյ եւ Իրաքի տարածքին։ Վերլուծաբանները կը պնդեն, թէ անոնք հում քարիւղը կը վաճառեն միջազգային արժէքէն շուրջ երկու անգամ ցած գինով։

ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդը զգուշացուցած է պետութիւնները ահաբեկչական խմբաւորման հետ քարիւղի առեւտուրով չզբաղելէ, եւ սպառնացած է պատժամիջոցներ կիրարկել այն երկիրներու դէմ, որոնք ներքաշուած են այդ առեւտուրին մէջ։

«Այժմ «Իսլամական պետութիւն»ը կը փորձէ ձեւաւորել ինքնաբաւ պետութիւն ու դրամագլուխ, եւ քարիւղի արդիւնահանումը այդ նպատակին հասնելու ճամբուն մէկ մասը կը կազմէ», նշած է փորձագէտներէն մէկը։


comments

Advertisement