Ցեղասպանութեան մասին Ֆաթիհ Աքինի ժապաւէնը ցուցադրուեցաւ Վենետիկի փառատօնին

By Asbarez | Thursday, 04 September 2014

 

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրք բեմադրիչ Ֆաթիհ Աքընի կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին պատրաստուած «Հատումը» )անգլերէնով՝ «Տը Քաթ») ժապաւէնը Սեպտեմբեր 1ին ցուցադրուեցաւ Վենետիկի շարժապատկերի փառատօնին ընթացքին։


Ժապաւէնին մասին Ֆաթիհ Աքին յայտարարութիւններ ըրած է «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթին, պատմած է ֆիլմի նիւթը եւ ըսած, թէ այս ժապաւէնը կ՛արտայայտէ նաեւ նշանաւոր բեմադրիչներու նկատմամբ իր հիացումը։

Ան նշած է. «Կը մտածեմ, որ Թուրքիա այլեւս պատրաստ է այս ժապաւէնին։ Ես ժապաւէնին նիւթը կարդալ տուի երկու բարեկամներուս. անոնցմէ մէկը ըսաւ, որ մեզ պիտի քարկոծեն, միւսն ալ ըսաւ, թէ մեզի վարդ պիտի հրամցնեն։ Ժապաւէնը ցոյց տուի նաեւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ընդունողներու եւ մերժողներու. հոն եւս նոյն զգայնութիւնները ստեղծուեցան։ Իմ կարծիքով՝ կարելի է այս ժապաւէնը նկատել երկու երկիրներուն միջեւ կամուրջ մը»։
Թէ Թուրքիոյ մէջ ի՞նչ հակազդեցութիւն պիտի ստեղծէ այսպիսի ժապաւէն մը՝ այդ պիտի տեսնենք, եթէ ժապաւէնը իսկապէս օր մը ցուցադրուի Թուրքիոյ մէջ։ «Սապահ» կը գրէ, որ ականաւոր բեմադրիչ Մարթին Սքորսէյզի տպաւորուած է այս ժապաւէնով։ Այս ֆիլմին մէջ դերակատարութիւն ունեցած է նաեւ Սքորսէյզիի հետ աշխատած Մարտիկ Մարթինը։

 


Ֆիլմը պատմութիւնն է Նազարէթ Մանուկեան անունով հայու մը, որ կը փորձէ գտնել Ցեղասպանութեան օրերուն անհետացած իր երկու դուստրերը՝ Միջագետքէն ճամբայ ելլելով ու հասնելով մինչեւ Հաւանա ու Միացեալ Նահանգներ։

«Հիւրրիյէթ»ի յօդուածագիր Ահմետ Հաքան եւս արտայայտուած է այս ֆիլմին մասին։ Ան այս առթիւ խօսած է նաեւ Աքինի հօր՝ Էնվեր Աքինի հետ։ Հետաքրքրական է, որ հայերու մասին այսպիսի սրտախօսիկ եւ անոնց կոտորածները նոյնութեամբ ցոյց տուող ժապաւէնի մը բեմադրիչին հայրը Ազգայնական շարժում կուսակցութենէն է եւ կուսակցութենէն ներս գործօն դեր ունեցող քաղաքագէտ մըն է։ Այնուհանդերձ, Էնվեր Աքին սիրած է իր որդւոյն պատրաստած ժապաւէնը եւ զայն կը պաշտպանէ քննադատութիւններուն դիմաց։

 


Ֆաթիհ Աքին այսպէս կը պատասխանէ այս քննադատութեան. «Ես Ցեղասպանութեան ժապաւէնը չեմ պատրաստած։ Ասիկա քաղաքական բոլոր զարգացումներէ անտեղեակ մարտինցի հայ երկաթագործի մը պատմութիւնն է. անոր պատուհանէն նայեցայ պատահարներուն, եւ անոր տեսանկիւնէն՝ ամէն ինչ կը սկսէր 1915ին։ Այս պատճառով, ե՛ս ալ այդտեղէն սկսայ»։

Հանդիսատեսներու շարքին կը գտնուէր նաեւ Հրանդ Տինքի կողակիցը՝ Ռաքէլ Տինք, որ շատ տպաւորիչ գտած է ժապաւէնը։ «Կը յուսամ, որ այս ժապաւէնը իրարու ցաւը հասկնալու ճամբայ կը բանայ», ըսած է ան։ Ֆաթիհ Աքին նաեւ դիտել կու տայ, որ ժապաւէնը պէտք է ցուցադրուի Թուրքիոյ մէջ եւս։
Այն հարցումին, թէ լուրջ սպառնալիք եկա՞ծ է բեմադրիչին՝ Աքըն կը պատասխանէ, որ շատ փոքր եւ նեղ շրջանակէ մը սպառնալիքներ եկած են, «սակայն անոնք կարեւոր չեն»։

Աքինի համար կարեւոր է, որ իր հօրը նման մարդիկ այս ժապաւէնը սիրեն։ «Ես այս ժապաւէնը հօրս նման մարդոց համար պատրաստեցի. ուզեցի, որ անոնք տուժածներու զգացումները իւրացնեն։ Հայրս կրցաւ ընել ատիկա, այդ պատճառաւ ալ երջանիկ եմ», ըսած է ան։

Աւելցնենք, որ ժապաւէնին մէջ դեր տրուած է նաեւ Տիգրանակերտէն հայ դերասան Գէորգ Մալիքեանին, որ Անգլիոյ մէջ նշանաւոր դերասան մըն է։

 


comments

Advertisement