Քերի կը հանդիպի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն հետ

By Asbarez | Thursday, 04 September 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 4ին, Կալեսի մէջ կայացող ՆԱԹՕի վեհաժողովի ծիրէն ներս, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներ Սերժ Սարգսեան եւ Իլհամ Ալիեւ, հանդիպում մը ունեցան Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերիի հետ՝ քննելով Արցախի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման բանակցային գործընթացին վերաբերող հարցեր։

Քերիի հետ հանդիպումը տեղի ունեցաւ ամերիկեան կողմի նախաձեռնութեամբ: Քերի իր խօսքին մէջ անգամ մը եւս ընդգծեց հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման այլընտրանքի բացակայութիւնը, իրավիճակի լարումին բացառումը, ապա կոչ ըրաւ գտնելու միջոցներ՝ հակամարտութեան սրումին առաջքը առնելու եւ կողմերուն միջեւ վստահութիւնը ամրապնդելու համար:

Քերի կարեւոր համարեց ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափով բանակցութիւններու շարունակումը եւ իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց աջակցելու հիմնախինդրի խաղաղ կարգաւորման ուղիներու որոնման: Ան միաժամանակ ընդգծեց, թէ հիմնախնդիրի խաղաղ կարգաւորման հասնելու համար, չափազանց կարեւոր է կողմերու քաղաքական կամքը:

Սերժ Սարգսեան Կալես մեկնած է՝ մասնակցելու համար ՆԱԹՕի անդամ կամ Աֆղանիստանի մէջ միջազգային խաղաղապահ ուժերու առաքելութեան մասնակից երկիրներու ղեկավարներու հանդիպման:

Նախապէս, Սարգսեան հանդիպում մը ունեցած էր Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտի հետ: Երկու նախագահները գոհունակութեամբ խօսած էին հայ-ֆրանսական քաղաքական բարձր մակարդակի համագործակցութեան մասին: Անոնք անդրադարձած էին փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը հարցերու, ներառեալ՝ Արցախի հակամարտութեան եւ ֆրանսական կողմի նախաձեռնութեամբ Ֆրանսայի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու եռակողմանի հանդիպման:

 


comments