Ժան Ժորէսի մահուան 100ամեակի նշում Հայաստանի մէջ

By Asbarez | Friday, 05 September 2014

 

 


ԵՐԵՒԱՆ, «Առաւօտ».– Ֆրանսայի խորհրդարանի Ընկերվարական խմբակցութեան նախագահ Պրիւնօ Լը Ռոուի գլխաւորած պատուիրակութեան անդամները, ՀՀԿ խմբակցութեան ղեկավար Վահրամ Բաղդասարեանը եւ ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեանը Ազգային ժողովի սրահներէն մէկուն մէջ 5 Սեպտեմբերին հանդիպում ունեցած են լրագրողներու հետ։ «Ֆրանսիայի Սոցիալիստական կուսակցութեան խմբակցութիւնը բազմիցս արտայայտել է իր կարծիքը, եւ դա ես համարում եմ Ֆրանսիայի պաշտօնական դիրքորոշում, որ Լեռնային Ղարաբաղի կարգաւորման խնդրում Լեռնային Ղարաբաղը պէտք է դառնայ բանակցային կողմ», հաստատած է Վահրամ Բաղդասարեան։

Նշենք, որ 4-7 Սեպտեմբերին ֆրանսական պատուիրակութեան Հայաստան այցելութիւնը կատարուած էր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան (Արեւմտեան Եւրոպա եւ Հայաստան) եւ Ֆրանսայի Հայ Դատի յանձնախումբի հրաւէրով։ 2014 թուականը Ֆրանսայի մէջ հռչակուած է Ժան Ժորէսի տարի՝ անոր մահուան 100րդ տարելիցին առիթով. այցելութեան նպատակն էր Ֆրանսայի ընկերվարական կուսակցութեան առաջնորդ, հայկական իրաւունքներու պաշտպան ու քաղաքական գործիչին մահուան տարելիցը Հայաստանի մէջ նշել։

ՀՀԿ խմբակցութեան ղեկավարը շատ կարեւոր նկատած է Ֆրանսայի խորհրդարանին մէջ իշխող մեծամասնութիւն կազմող խորհրդարանականներուն Հայաստան այցելութիւնը։

«Ժան Ժորէսը առաջին քաղաքական գործիչներից էր, որն ամենաբարձր ամբիոններից խօսեց Հայկական Հարցի խնդրի մասին: Նա ոչ միայն բարձրաձայնեց, այլ ակտիւ ամենօրեայ աշխատանքով դատապարտեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ հիմք դնելով համամարդկային շարժումների՝ մարդու իրաւունքների պաշտպանութեան ուղղութեամբ, որ Հայկական Հարցը ոչ միայն հայ ժողովրդի ոտնահարուած իրաւունքների հարցն է, այլ նաեւ համամարդկային նշանակութեան խնդիր է», նշած է Արմէն Ռուստամեան՝ աւելցնելով, թէ մեծ պատիւ է, որ Հայաստան կը գտնուին Ժան Ժորէսի հիմնադրած կուսակցութեան անդամները:

Պրիւնօ Լը Ռոուն յայտնած է, որ իրենց կուսակցութեան անուանի քաղաքական գործիչին՝ Ժան Ժորէսի մահուան հարիւրամեայ տարելիցը լաւ առիթ է՝ արժեւորելու Հայաստանի ու Ֆրանսայի միջեւ յարաբերութիւնները:

Անոր համաձայն՝ մինչեւ 1915ի Հայոց Ցեղասպանութիւնը արդէն կային հայերու ջարդերը, եւ մինչեւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ժան Ժորէսը բարձրաձայնած է հայերու ջարդերու խնդիրը՝ ըսելով, որ պէտք չէ նման երեւոյթներ արձանագրուին մարդկային պատմութեան մէջ:

Ֆրանսացի երեսփոխանը նշած է, որ իրենց այցելութիւնը նաեւ քաղաքական բնոյթ կը կրէ՝ թէ ինչպէս պէտք է ընթանան երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները: «Մենք հաւատարիմ ենք մեր նախագահին՝ Ֆրանսուա Հոլանտի որդեգրած արժէքներուն, որոնց մէջ յատուկ տեղ կը տրուի Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւններուն: Մենք յոյս ունինք, որ 2015ին կ՛ամբողջանայ այն օրէնքը, որ ընդունուած է 2001ին, եւ քրէականօրէն պիտի հետապնդուին բոլոր անոնք, որոնք կը ժխտեն Հայոց Ցեղասպանութիւնը», հաստատած է Լը Ռուն: Աւելի ուշ Ֆրանսական համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին մանրամասն կերպով ներկայացուեցան այն հարցերը, որոնք օրին արծարծած ու հետապնդած էր Ժան Ժորէսը:

 


comments