Վրաստան չի միանար Ռուսիոյ դէմ տնտեսական պատժամիջոցներուն

By Asbarez | Friday, 05 September 2014

 

ԹԻՖԼԻՍ.- «Կազեթա.ռու» կայքը կը հաղորդէ, որ Վրաստանի գիւղատնտեսութեան նախարար Օթար Տանելիա, մեկնաբանելով Եւրոպական յանձնաժողովի ներկայացուցիչ Փիթըր Սթանոյի խօսքերը՝ յայտարարած է, որ Վրաստան չի միանար Ռուսիոյ դէմ տնտեսական պատժամիջոցներուն եւ վրացական կառավարութիւնը այդ հարցով Եւրոպական յանձնաժողովէն պաշտօնական առաջարկ չէ ստացած։ «Հաշուի պիտի առնենք միայն պաշտօնական յայտարարութիւններն ու Վրաստանի կառավարութեան ուղարկուած դիմումները, իսկ նման դիմում չէ եղած», ըսած է ան։

Նախապէս Տանելիա յայտնած էր, որ Վրաստանէն Ռուսիա արտածուող սննդամթերքը կրնայ համալրուիլ ձուկով, գառնուկի միսով եւ մեղրով։ «Դէպի Ռուսիա աւելի շատ մթերք մատակարարելու» Վրաստանի պատրաստակամութեան մասին յայտարարած էր նաեւ Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլին։


comments