Պաքու Ղարաբաղի հարցով յոյսը դրած է ՆԱԹՕի օգնութեան վրայ. Ալիեւ

By Asbarez | Friday, 05 September 2014

ՊԱՔՈՒ.- Իր տեղեկութիւնները քաղելով Ատրպէյճանի նախագահի պաշտօնական կայքէն՝ ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ՆԱԹՕի գերաստիճանի բացման մասնակցած է նաեւ նախագահ Իլհամ Ալիեւը:


Ալիեւ նաեւ հանդէս եկած է ելոյթով մը՝ պնդելով, որ Ատրպէյճան եւ ՆԱԹՕի գործընկերութեան 20 տարիներուն ընթացքին Ատրպէյճան կրցած է փաստել, թէ վստահելի գործընկեր մըն է:

«Ատրպէյճան կարեւոր դեր կը խաղայ տարածաշրջանի ապահովութեան եւ կայունութեան մէջ, իսկ տարածաշրջանային ապահովութեան ամենամեծ սպառնալիքը կը հանդիսանայ Հայաստանի վարած յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը, որ բռնագրաւուած կը պահէ Ատրպէյճանի տարածքին 20 տոկոսը՝ Լեռնային Ղարաբաղը եւ յարակից 7 շրջանները», կրկնած է Ալիեւ՝ ՆԱԹՕի բեմը շահագործելով ապատեղեկատուական իր արշաւին համար:

Ալիեւ դարձեալ ընդգծած է, որ հակամարտութիւնը պէտք է լուծուի միջազգային իրաւունքի ծիրէն ներս՝ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը յարգելու պայմանով:

«Մենք բարձր կը գնահատենք ՆԱԹՕի դիրքորոշումը այս հարցին մէջ: Նախորդ գերաստիճաններու ընթացքին, ՆԱԹՕ լիակատար աջակցութիւն ցուցաբերած է Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան իրաւունքին: Մենք կը հաւատանք, որ ՆԱԹՕն պիտի շարունակէ հաւատարիմ մնալ միջազգային իրաւունքին», աւելցուցած է Ալիեւ:

comments