Արցախ այցելած Աւստրիացի լրագրողը Ատրպէյճան այցելելու արտօնութիւն չի կրնար ստանալ

By Asbarez | Monday, 08 September 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Աւստրիացի լրագրող Եութա Պաուըրին արտօնութիւն չէ տրուած Ատրպէյճան մուտք գործելու, որովհետեւ ան 2011ին Արցախ այցելած էր:


Այս տեղեկութիւնը հաղորդած է ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը՝ զայն քաղելով Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն:

Լագրողին համաձայն՝ իրեն մուտքի արտօնագիր չէ տրուած նաեւ անոր համար, որ Ատրպէյճանի վերաբերեալ քննադատական յօդուած գրած է:

Ըստ Պաքուի՝ Պաուըրի անունը ներառուած է «սեւ ցանկ»ին վրայ, որովհետեւ առանց Պաքուի համաձանութեան ան Արցախ այցելած էր: «Ան կրնայ մուտքի արտօնագիր ստանալ, միայն եթէ պաշտօնապէս ներողութիւն խնդրէ Ատրպէյճանէն», յայտարարած է Աւստրիոյ մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատունը:

 


comments

Advertisement