Արամ Ա. Կաթողիկոս՝ Ուաշինկթընի մէջ

By Asbarez | Monday, 08 September 2014

 

Արամ Ա. Կաթողիկոս, Կիրակի, 7 Սեպտեմբերին նախագահեց Ուաշինկթընի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. եւ անմահ պատարագին: Պատարագին ընթացքին վեհափառը պատգամ ուղղեց ներկայ ժողովուրդին: Առաջին հերթին, ան իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ դարձեալ կը գտնուի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, շրջապատուած մեր ժողովուրդի զաւակներով: Վեհափառը յիշեց, որ իր ուսանողութեան օրերուն յաճախակի կերպով այցելած է այս եկեղեցին եւ իր խօսքը ուղղած ժողովուրդին: Ան նաեւ ողջունեց Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Օշական արք. Չօլոյեանը եւ Ազգային իշխանութիւնը, որոնք նուիրումով լծուած են ազգային-եկեղեցական ծառայութեան:


Ապա, հայրապետը յիշեց, որ Ուաշինկթըն իր այցելութեան նպատակը մասնակցիլ եւ իր խօսքը ուղղել է Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունենալիք Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան առնչուած միջազգային համագումարին:

Կաթողիկոսը իր պատգամին գլխաւոր նիւթը ընտրած էր «Հաւատքը», որպէս հիմքը քրիստոնէական կեանքին: Ան ըսաւ, որ Քրիստոս իր երկրաւոր առաքելութեան ընթացքին յաճախակի կերպով անդրադարձած է մարդկային կեանքին մէջ հաւատքի կենսական կարեւորութեան: Քրիստոսի ուսուցումներուն ու հրաշքներուն մէջ, հաւատքը առանցքային ներկայութիւն է: Ապա, վեհափառը բացատրեց հաւատքին իմաստը: Ան ըսաւ, որ մարդը անկատար արարած է, իրմէ վեր ու հզօր ուժի մը հաւատալը բնական մղում մըն է մարդու կեանքին մէջ: «Հին դարերէն սկսեալ, մարդը հաւատացած է բնութեան ուժերուն եւ ստեղծած իր չաստուածները: Քրիստոս եկաւ ամբողջութեամբ շր-ջելու հաւատքին իմաստը, առարկան ու նպատակը: Քրիստոս ըսաւ: «Ես եմ կեանքը, ճամբան ու ճշմարտութիւնը, հետեւաբար ան, որ ինծի կը հաւատայ պէտք է ետեւէս գայ»: Արդ, քրիստոնեայ մարդուն համար Քրիստոս ի՛նքն է հաւատքի աղբիւրը, Քրիստոսի հաւատալ կը նշանակէ Քրիստոսի ուսուցումները գործադրել, Աւետարանին արժէքներն ու սկզբունքները մեր կեանքին հետ շաղախել: Քրիստոսի ճամբէն քալել կը նշանակէ քալել խաչի ճամբէն, ինչպէս Քրիստոս ինք ըսաւ, հաւատքը զոհողութիւն եւ յանձնառութիւն կ՛ենթադրէ: Հաւատքը կեանքի աղբիւր է, ինչպէս Քրիստոս ինք ըսաւ՝ ով որ հաւատայ, պիտի ապրի: Հաւատքը հզօրութեան երաշխիք է, իր կեանքը հաւատքով թրծած մարդը չի՛ վախնար աշխարհի վտանգներէն», ըսաւ Արամ Ա. կաթողիկոս ու աւելցուց՝ ըսելով. «Այս գիտակցութեամբ Հայ ժողովուրդը ապրեցաւ քրիստոնէական հաւատքը: Ան ո՛չ միայն Քրիստոսի հետեւող առաջին ժողովուրդը եղաւ, այլ նաեւ՝ իր հաւատքին համար արիւն թափող առաջին ժողովուրդը: Հայ ժողովուրդը քրիստոնէական հաւատքը այնքան նոյնացուցած էր իր կեանքին հետ, որ ան դարձած էր պատմիչին բառերով «մորթի գոյն»: Ահա թէ ինչո՛ւ, երբ հինգերորդ դարուն հայ ժողովուրդի թշնամին կ՛ուզէր արմատախիլ ընել քրիստոնէական հաւատքը, ան հաւաքական կամքով ըսաւ, այս հաւատքէն մեզ աշխարհի ոչ մէկ ուժ կրնայ հեռացնել: Արդ, քրիստոնէական հաւատքը մեր ժողովուրդին համար եղաւ աղբիւր հզօրութեան: Այդ հաւատքով զօրացած մեր ժողովուրդը մնաց կանգուն պատմութեան ընթացքին»։

 


Իր հայրապետական պատգամի աւարտին, վեհափառը կոչ ուղղեց մեր ժողովուրդի զաւակներուն, կառչած մնալու քրիստոնէական հաւատքին ու համախմբուելու, քրիստոնէական հաւատքը մեր կեանքին մէջ կենդանի պահած, հայ եկեղեցւոյ շուրջ: Վեհափառը նաեւ յիշեցուց, որ կը գտնուինք Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի սեմին, հետեւաբար, մեր ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան մէջ, վճռական դարձակէտ դառնալու կոչուած 2015 թուականին, մեր ժողովուրդի զաւակները, Հայաստանէն մինչեւ Լիբանան, Միացեալ Նահանգներէն մինչեւ Եւրոպա եւ ի սփիւռս աշխարհի, որպէս մէկ ազգ, ցեղասպան թուրքէն ու աշխարհէն պէտք է պահանջեն իրենց բռնաբարուած իրաւունքները՝ հաւատարիմ մնալով մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներու նուիրական կտակին:

Կաթողիկոսի պատգամէն առաջ, Օշական սրբազան ողջունեց վեհափառին ներկայութիւնը, յաջողութիւն մաղթելով իր առաքելութեան: Պատարագին ներկայ էին Հայաստանի դեսպան Տիգրան Սարգսեան, Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան, Ազգային իշխանութեան անդամներ եւ մեծ թիւով ներկաներ: Ս. եւ անմահ պատարագէն ետք տեղի ունեցաւ աջահամբոյր:

Արամ Ա. կաթողիկոս նաեւ հանդիպումներ ունեցաւ առաջնորդ սրբազանին, Ազգային իշխանութեան մարմիններուն եւ Հայոց Ցեղասպանութեան յանձնախումբի ներկայացուցիչներուն հետ:

 


comments

Advertisement