By Asbarez | Monday, 08 September 2014
ՊԱՔՈՒ, «Ազատութիւն».- Եւրոխորհուրդի մարդկային իրաւունքներու յանձնակատարը խստօրէն քննադատած է Ատրպէյճանի իշխանութիւնները՝ դատապարտելով երկիրին մէջ «մարդկային իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու վիճակի վատթարացումը»:
Մարդկային իրաւունքներու յանձնակատար Նիլս Մոյժնիսք ըսած է, որ Ատրպէյճանի մէջ «մարդկային իրաւունքներու պաշտպաններուն ձերբակալութեան ալիքը» վերջին ամիսներուն մտահոգիչ համեմատութեամբ աճած է:
«Իրավիճակը բացարձակապէս անընդունելի է», ըսած է ան՝ յիշեցնելով, որ Եւրոխորհուրդին անդամակցելով՝ Ատրպէյճան շարք մը պարտաւորութիւններ ստանձնած է մարդկային իրաւունքներուն վերաբերեալ:
«Իշխանութեան այն սակաւաթիւ քննադատները, որոնք տակաւին այդ երկիրի բանտերուն մէջ չեն, ծանր ճնշումի ենթակայ են եւ յաճախ ստիպուած են լքելու երկիրը, եթէ, ի հարկէ, անոնց դրամատնային հաշիւները սառեցուած չեն եւ անոնց երկրէն դուրս գալը արգիլուած չէ», նշած է մարդկային իրաւունքներու յանձնակատարը:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ