Էրտողան Ֆրանսայի նախագահը զգուշացուցած է Հայկական հարցին գծով

By Asbarez | Monday, 08 September 2014

 

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ նորընտիր նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան ՆԱԹՕի վեհաժողովին առիթով անջատ տեսակցութիւններ ունեցած էր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի, Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի ու Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտի հետ։ Ան բոլորին ալ գանգատ ունէր յղելու, նաեւ ունէր «ցուցմունքներ», միջազգային քաղաքականութեան զանազան հարցերու կապակցութեամբ։


Օպամայի հետ Էրտողանի տեսակցութիւնը տեւեց մէկուկէս ժամ, որուն ընթացքին Էրտողան նախ Ամերիկան զգուշացուց Կազայի մէջ Իսրայէլի կողմէ գործուած սպանդներուն առնչութեամբ։ Էրտողան նաեւ դիտել տուաւ, որ եթէ Ամերիկան «Իսլամական պետութեան» դէմ գործածուելու նպատակով զէնք տայ Պաղտատի կանոնական իշխանութեանց, ապա այդ քայլը ճամբայ պիտի բանայ կրօնական ու դաւանանքի հիման վրայ շատ ծանր բախումներու։ Էրտողան նաեւ պահանջեց, որ Ֆեթհուլլահ Կիւլենը Թուրքիա վերադարձուի։

Էրտողան նախ Օպամայի, ապա նաեւ Մերքելի ուշադրութեան յանձնեց Ուքրանիոյ հարցը՝ նշելով, որ անոնք, որոնք Ուքրանիոյ հողային ամբողջականութիւնը կը պաշտպանեն, պէտք է նոյնը ընեն նաեւ Սուրիոյ ու Իրաքի համար։

Մերքելի հետ իր տեսակցութեան ընթացքին, Էրտողան գանգատած է Գերմանիոյ գաղտնի սպասարկութեան կողմէ Թուրքիոյ մէջ կատարուած գաղտնի ունկնդրութիւններու հարցէն։

Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտի հետ իր ունեցած տեսակցութեան ընթացքին, Էրտողան Հոլանտը անգամ մը եւս զգուշացուցած է Հայկական Հարցին մէջ նախատեսուած օրինագիծերէն։


comments