By Asbarez | Monday, 08 September 2014
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նորանշանակ նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարած է, որ Անգարա կը հետեւի Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին ընդառաջ հայակական կողմի նախապատրաստութիւններուն:
Թրքական «Հապերլեր» կայքին համաձայն՝ Չաւուշօղլու առաջ քաշած է թրքական քարոզչամեքենայի չարչրկուած միտքը այն մասին, թէ պատմութիւնը քաղաքականութեան խառնելը սխալ է, ու յիշեցուցած է, թէ տարիներ առաջ Էրտողան առաջարկած էր Հայաստանի նախագահին՝ համատեղ պատմական յանձնաժողով մը ստեղծել՝ «իրադարձութիւնները ուսումնասիրելու համար», զոր, սակայն, հայկական կողմը մերժած էր:
Չաւուշօղլու մեղադրած է Հայաստանն ու հայկական Սփիւռքը՝ «երրորդ երկիրներու միջնորդութեամբ տարբեր նախաձեռնութիւններ իրականացնել»ու յանցանքով: Ան մասնաւորապէս դժգոհութիւն յայտնած է այն բանէն, որ ժամանակ առ ժամանակ, ներքին կամ միջազգային խորհրդարաններու մէջ կը քննուի Հայկական Ցեղասպանութեան հարցը՝ փափաք յայտնելով, որ «այս խնդիրը պատմաբաններու յանձնուի»:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ