Ուաշինկթըն Արցախի հարցով համաձայնագիրի յստակ առաջարկ ներկայացուցած է. Մամետեարով

By Asbarez | Monday, 08 September 2014

 

ՊԱՔՈՒ, «Արմռետիօ».- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով Սեպտեմբեր 8ին յայտարարած է, որ Ուաշինկթըն Արցախի հարցով ամբողջական համաձայնագիրի ուղղութեամբ աշխատելու համար յստակ առաջարկ ներկայացուցած է։


Կալեսի մէջ տեղի ունեցած Սարգսեան-Ալիեւ հանդիպման ակնարկելով՝ Մամետեարով ըսած է, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերի այդ հանդիպման ընթացքին ուզած է իմանալ, թէ ի՞նչ քայլերու պէտք է դիմէ իր երկիրը՝ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը կարգաւորելու նպատակով:

«Քերին նշեց, որ եկած է ամբողջական խաղաղութեան պայմանագիրի շուրջ աշխատելու ժամանակը», ըսած է Մամետեարով՝ ըստ ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութեան: Նախարարը նաեւ տեղեկացուցած է, որ այս ամսուան ընթացքին ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիք կրնայ տարածաշրջան այցելել, իսկ Նիւ Եորքի մէջ, ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի շրջանակներուն մէջ հանդիպում մը կրնայ ունենալ Հայաստանի իր պաշտօնակիցին հետ:

«Պէտք չէ հանդիպիլ՝ պարզապէս հանդիպելու համար։ Անհրաժեշտ է քննարկել յստակ հարցեր: Գլխաւոր խնդիրը հայկական զինուժի ներկայութիւնն է ատրպէյճանական տարածքներուն մէջ։ Այդ վտանգաւոր փաստին հետ Ատրպէյճան երբե՛ք պիտի չհամակերպի», ըսած է ան:

 


comments