By Asbarez | Tuesday, 09 September 2014
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Սպիտակ տունը Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 9ին հաղորդեց, թէ նախագահ Պարաք Օպամա միջոցներու պիտի ձեռնարկէ, որպէսզի Միացեալ Նահանգները՝ դաշնակիցներու օժանդակութեամբ, պայքարի «Իսլամական պետութեան» դէմ։
Օպամա պիտի նախագահէ Ապահովութեան խորհուրդի նիստին, որ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ կռուող օտարազգի զինեալներուն ներկայացուցած սպառնալիքին վերաբերեալ որոշում մը կրնայ որդեգրել:
Ամերիկեան «Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին Օպամա ըսած էր. «Ես կը նախապատրաստեմ երկիրը «Իսլամական պետութիւն» խմբակէն եկող սպառնալիքին դէմ դնելու պայքարին համար»:
Միացեալ Նահանգներ Օգոստոսէն ի վեր օդուժով կը հարուածէ դիրքերը իսլամ ծայրայեղական զինեալներուն, որոնք Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ հսկայական տարածքներ գրաւած են:
Յայտնենք, թէ պաշտպանութեան նախարար Չաք Հէյկըլ Երկուշաբթի օր այս գծով դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի հետ, ներկայութեամբ պաշտպանութեան նախարար Իսմեթ Եըլմազի, արտաքին գործոց նախարարութեան խորհրդական Ֆերիտուն Սինիրլիօղլուի եւ Անգարայի մօտ Ամերիկայի նախկին աւագ դեսպան Ռոս Ուիլսընի։ Աւելի ուշ, վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլու եւս ընդունած է Հէյկըլը։
Կը հաղորրդուի, որ Թուրքիա դարձեալ վերապահութիւն յայտնած է «Իսլամական պետութեան» դէմ պայքարին նկատմամբ, մինչ պնդումները կը շարունակուին, որ Անգարա անուղակիօրէն կը նպաստէ իսլամ ծայրայեղականներուն։ Անգարա մտահոգ է յատկապէս այն հաւանականութեամբ, որ Իրաքի քիւրտերուն տրամադրուող զէնքերը կրնան հասնիլ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան։
Այս ծիրէն ներս, Իսրայէլի նախկին նախագահ Շիմոն Փերեզ Ահաբեկչութեան դէմ պայքարի հիմնարկի համաժողովին ընթացքին ելոյթ մը ունեցաւ՝ յայտնելով, որ տնտեսական պատժամիջոցներ պետք է որդեգրուին Քաթարի եւ Թուրքիոյ դէմ, որոնք զօրավիգ կը կանգնին իսլամ ծայրայեղականներուն։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ