Ատրպէյճան չայցելելու կոչ՝ Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարարին

By Asbarez | Wednesday, 10 September 2014

 

ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանական «Հաքքին» կայքը կը հաղորդէ, որ Աւստրիոյ Կանաչներու շարժումի ղեկավար, Եւրոխորհրդարանի փոխնախագահ Ուլրիքէ Լունաչեք կոչ ըրած է Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարար Սեպասթիան Քուրցին՝ Ատրպէյճան կատարելիք իր այցելութենէն հրաժարելու: Ան նշած է, որ Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարարը այդ քայլով պէտք է իր բողոքը արտայայտէ՝ Պաքուի իշխանութիւններուն կողմէ լրագրող Եութէ Պաուըրին մուտքի արտօնագիր չտրուելու համար: Վերջինս պիտի ուղեկցէր Քուրցին, սակայն մուտքի արտօնութիւն չէր ստացած, որովհետեւ առանց ատրպէյճանական իշխանութիւններու արտօնութեան՝ Լեռնային Ղարաբաղ այցելած էր նախապէս:


Լունաչեք նաեւ Քուրցի ուշադրութեան յանձնած է, որ Ատրպէյճանի մէջ լրատուամիջոցները լուրջ սահմանափակումներու եւ ճնշումներու ենթակայ կը մնան:


comments

Advertisement