Միջին արեւելքէն ներս Քրիստոնէական միութիւնը հրամայական անհրաժեշտութիւն է. Արամ Ա.

By Asbarez | Wednesday, 10 September 2014

 

ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 9ին, Ուաշինկթընի մէջ, միջեկեղեցական կրօնական արարողութեամբ բացումը կատարուեցաւ Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան նուիրուած միջազգային համագումարին:


Համագումարի առաջին օրը, Արամ Ա. կաթողիկոս իր խօսքը մասնակիցներուն ուղղելով՝ անդրադարձաւ եկեղեցւոյ միութեան հրամայականին:

Երեք գլխաւոր բաժիններէ բաղկացած իր խօսքին մէջ, վեհափառ հայրապետը առաջին հերթին անդրադարձաւ քրիստոնէական միութեան իւրայատուկ բնոյթին: Ան ըսաւ, որ քրիստոնէական միութիւնը աստուածատուր պարգեւ է եւ ոչ թէ մարդկային իրագործում: Պատմութեան ընթացքին, առաւելաբար քաղաքական պատճառներով, եկեղեցիները իրարմէ բաժնուեցան, սակայն եկեղեցւոյ էական միութիւնը մնաց անխախտ: Էքիւմենիք շարժումը յիշեցում մըն է եկեղեցիներուն՝ գործնական արտայայտութիւն տալու իրենց ներքին միութեան:

Ապա, կաթողիկոսը շեշտեց եկեղեցւոյ միութեան ու առաքելութեան սերտ առնչութիւնը: Ան ըսաւ, որ միութիւնը ինքնին նպատակ չէ, եկեղեցւոյ նպատակը առաքելութիւն է: Որպէս Քրիստոսի խորհրդական մարմինը՝ եկեղեցին կոչուած է շարունակելու Քրիստոսի փրկագործական խորհուրդը:

Իր խօսքի երկրորդ բաժինին մէջ, վեհափառը ըսաւ, որ մեր նախահայրերը այսօր կը յիշեցնեն մեզի եկեղեցւոյ միութեան անհրաժեշտութիւնը՝ Միջին Արեւելքէն ներս, որ եղած է ծննդավայրը քրիստոնէական հաւատքին: Ան յիշեց, որ Միջին Արեւելքի մէջ եկեղեցւոյ պատմութիւնը ճանչցած է բազում ցեղասպանութիւններ ու հալածանքներ, սակայն, հակառակ այս իրողութեան, եկեղեցին գոյատեւած է: Քրիստոնեայ համայնքները իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերած են Միջին Արեւելքի մշակոյթներու եւ քաղաքակրթութիւններու զարգացման մէջ: Անոնք երկար դարեր գոյակցած են միաստուածեան կրօնքներուն հետ: Այսօր, հակառակ զիրենք շրջապատող ծանր պայմաններուն, քրիստոնեաները կառչած կը մնան Միջին Արեւելքին, իրենց պարտաւորութիւններուն ու իրաւունքներուն՝ իրենց ներքին միութիւնը դարձնելով առանցքը իրենց հզօրութեան:

Նորին սրբութիւնը իր խօսքի երրորդ բաժինով յիշեց, որ վերջին ամիսներուն, յատկապէս Իրաքի մէջ, քրիստոնեաները ծանր օրեր կ՛ապրին: «Ահաբեկչութիւնը անընդունելի է որեւէ կրօնքի կողմէ: Կրօնքի ուսուցումներու քաղաքական նպատակներով շահագործումը դատապարտելի է բոլոր հաւաքականութիւններուն կողմէ», ըսաւ վեհափառ հայրապետը: Ապա աւելցուց, որ բոլոր եկեղեցիներն ալ դէմ են Միջին Արեւելքէն քրիստոնեաներու արտագաղթին: Քրիստոնեաները անբաժան մասը կը կազմեն Միջին Արեւելքի ընկերութեան, հետեւաբար, անոնք կառչած կը մնան իրենց հողերուն ու իրաւունքներուն:

Արամ Ա. կաթողիկոս իր խօսքին մէջ երկու առիթներով յիշեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ Օսմանեան կայսրութեան լուծին տակ քրիստոնեաներուն կրած հալածանքները:

 


comments

Advertisement