By Asbarez | Wednesday, 10 September 2014
Ստորեւ կը ներկայացնենք ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի յայտարարութիւնը՝ Յունաստանի խորհրդարանին կողմէ Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող օրինագիծի վաւերացման առիթով: Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբերու համակարգուած աշխատանքները կրնան շուտով արդիւնաւորուիլ նաեւ Ֆրանսայի մէջ, որուն նախագահը խոստացած է աջակցիլ նոյնանման օրինագիծի մը վաւերացման՝ Ֆրանսային Ծերակոյտին կողմէ:
Երեքշաբթի, 9 Սեպտեմբեր 2014ին Յունաստանի խորհրդարանին կողմէ ցեղասպանութեան ուրացման դէմ կայացած վճիռը կարեւոր նշանակութիւն ունեցող պատմական ու արդար քայլ մըն է հայ ժողովուրդին հանդէպ:
Հելլէն խորհրդարանի խտրականութեան եւ ցեղապաշտութեան դէմ օրէնքին մէջ տեղ գտած՝ հաւաքական վիրաւորանքի մասին 2րդ յօդուածը զօրաւոր երաշխիք մըն է Ցեղասպանութեան ժխտման պատժելիութեան համար:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէն կ՛ողջունէ քուէարկութեան արդիւնքը՝ շեշտելով, թէ պատմութիւնը խեղաթիւրելու փորձերը ձախողութեան կը մատնուին նման եանդուգն որոշումներով, որոնք ընկերութիւններն ու ազգերը կը պաշտպանեն ժխտողականութեան երեւոյթներուն դէմ:
Օրէնքը կը համապատասխանէ Յունաստանի հանրապետութեան արժէքներուն եւ աւանդութիւններուն, որ հայութեան բարեկամ երկիր հանդիսացած է միշտ իր նեցուկն ու զօրակցութիւնը ցուցաբերելով Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայ գաղթականներուն, ապա 1996ին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման որոշումը ընդունելով:
ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբի երկար տարիներու աշխատանքին ու կառուցողական նախաձեռնութիւններու արգասիքը կը կազմեն այս յաջողութիւնները, որոնք աւելիով ուժ կու տան ազգային մեր նպատակներուն:
Խորհրդարանի վճիռը հայ ժողովուրդի ոգին կ՛ամրապնդէ եւ կարեւոր յաղթանակ կը հանդիսանայ համայն հայութեան ու Հայ Դատի հետապնդման աշխատանքներուն մէջ:
ՀՅԴ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ