Հայ Սեւ Գօտիներու Միութեան 40ամեակը կը տօնուի Արցախի մէջ

By Asbarez | Thursday, 11 September 2014

 

Հայ սեւ գօտիներու միութիւնը արդէն իսկ բոլորած է իր հիմնադրութեան 40ամեակը: Միութիւնը սկիզբ առած է Լիբանանէն, անկէ ետք տարածուած Յունաստանի, Ֆրանսայի, Սուրիոյ, Քանատայի, Միացեալ Նահանգներու, ապա՝ Հայաստանի ու Արցախի մէջ:


Միութեան 40ամեակի տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Արցախի մէջ, 2 Սեպտեմբեր 2014ին: Այս առիթով Արցախ ժամանած էին միութեան մարզիչները, բարերարներն ու հիւրերը՝ Լիբանանէն, Սուրիայէն, Կիպրոսէն, Ֆրանսայէն եւ Հայաստանէն:

Առաւօտեան, միութեան 100 մարզիկները՝ միութեան հիմնադիր Կարօ Քեպապճեանի եւ Արցախ ժամանած միութեան հիւրերուն եւ բարերարներուն ընկերակցութեամբ, Լեռնային Ղարաբաղի նախագահական պալատէն ուղղուեցան դէպի գերեզմանատուն, ուր ծաղկեպսակ մը զետեղուեցաւ Արցախի ազատագրութեան համար զոհուած նահատակներու յիշատակին: Ապա միութեան Ստեփանակերտի վերանորոգուած կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ մարզական նախաձեռնութիւն, որուն աւարտին առաջարկուեցաւ եւ որոշուեցաւ կրկին Արցախ գործուղել միութեան առաջին մարզիչները՝ Յարութ Ադամեան եւ Յարութ Պէրպէրեան, մարզուող աշակերտներուն թիւը 5000ի բարձրացնելու հեռանկարով եւ առաջադրանքով:

Յետմիջօրէին, Շուշիի «Շուշի կրանտ հոթել»ին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական հանդիսութիւն՝ ներկայութեամբ Արցախի վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեանի, պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեանի, մարմնակրթութեան նախարար Ռազմիկ Յովսէփեանի եւ Շուշիի մարզպետին:

Միութեան հանրային կապի պատասխանատու Աբրահամ Գասպարեան բարի գալուստ մաղթեց բոլորին ու ներկայացուց միութեան պատմութիւնն ու անոր զարգացման հանգրուանները: Ապա ցուցադրուեցաւ միութեան գործունէութիւնը արտացոլացնող տեսաերիզ մը: Խօսք առաւ վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեան, որ նշեց, թէ Կարօ Քեպապճեան ո՛չ միայն մարզած է հայ երիտասարդները, այլ նաեւ մաս կազմած Արցախի անկախութեան բոլոր հանգրուաններուն ու իր ներդրումը ունեցած է բոլոր բնագաւառներուն մէջ՝ ռազմական, դաստիարակչական, տնտեսական եւ մշակութային: Ան շնորհաւորանք փոխանցեց միութեան 40ամեակին առիթով՝ մաղթելով յաւելեալ 40 տարիներու աշխատանք՝ յուսալով, որ Կարօ Քեպապճեան շարունակէ առաջնորդել իր հիմնած միութիւնը: Ան իր խօսքի աւարտին մեսթըր Կարօ Քեպապճեանը պարգեւատրեց վարչապետի ոսկէ մետալով: Մարմնակրթութեան նախարար Ռազմիկ Յովսէփեան նոյնպէս յատուկ մետալով պարգեւատրեց մեսթըր Կարօ Քեպապճեանը: Ապա ընթերցուեցաւ այս առիթով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառին շնորհաւորական նամակը:

Աւարտին խօսք առաւ միութեան հիմնադիր մասթըր Կարօ Քեպապճեան: Ան նշեց, որ միութեան 40ամեակի տօնակատարութեան ընթացքը սկսած է Արցախէն, որովհետեւ ինք նախընտրած է ըլլալ իր ազգին, իր ժողովուրդին, իր արեան հետ: Ան նշեց, որ Հայ Դատը անքակտելիօրէն առնչուած է Արցախի ու անոր միջազգային ճանաչման հետ: Ան կոչ ուղղեց՝ այս հանգրուանին Հայաստանի եւ Սփիւռքի միասնական ուժերով աշխատանք տանելու Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման համար: Մեսթըր Քեպապճեան շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի Հայ արուեստագէտներու միութեան, «Նոազ արք»ին եւ «Հաւասարութիւն 15» համախմբումին, որոնք նեցուկ կանգնած են իրենց ու քաջալերած են Հայ սեւ գօտիներու միութեան Արցախի մասնաճիւղի աշխատանքները: Ապա ան վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեանի հետ ոսկէ մետալներով եւ յատուկ նուէրներով պարգեւատրեց անցեալ շաբաթներուն Չինաստանի մէջ քոնկ ֆու-ուու շուի աշխարհի ախոյեանութեան տիրացած Հայ սեւ գօտիներու միութեան երկու մարզիկները, իսկ արծաթէ մետալներով պարգեւատրեց երկրորդ դիրքի տիրացած մարզիկները: Իսկ միութեան 40 տարուան գործունէութեան իրենց ներդրումը ընծայած մարզիչները, մարզիկներն ու պատասխանատուները, վարչապետին եւ պետական հիւրերուն կողքին, պարգեւատրուեցան 40ամեակի մետալներով:

Աւարտին հատուեցաւ 40ամեակի կարկանդակը եւ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն-խրախճանք:


comments

Advertisement