By Asbarez | Thursday, 11 September 2014

ՄՈՍԿՈՒԱ, ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Ռոյթըրզ».- Հակադարձելով իսլամ ծայրայեղական զինեալներուն դէմ ամերիկեան մարտավարութեան մասին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի յայտարարութեանց՝ Ռուսիա եւ Սուրիա Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 11ին քննադատեցին յատկապէս այն իրողութիւնը, որ Օպամա Սուրիոյ մէջ իսլամ ծայրայեղականներուն դիրքերը հարուածելու պատրաստակամութիւն յայտնած է՝ առանց Սուրիոյ իշխանութեանց հաւանութեան:
«Իսլամական պետութիւն»ը «բնաջնջել» սպառնացած Օպաման նաեւ յայտարարած էր, թէ պիտի ընդարձակէ միաժամանակ իսլամ ծայրայեղականներուն եւ Սուրիոյ իշխանութեանց դէմ պայքարող «չափաւորականներու ընդդիմութիւնը» եւ շեշտած էր այս պայքարը աւելի ազդու դարձնելու համար միջազգային դաշինք մը գոյացնելու կարեւորութիւնը։
Իր կարգին, Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ «լուրջ անյստակութիւններ» կան Օպամայի ծրագիրին մէջ։
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերի Հինգշաբթի օր Սէուտական Արաբիա ժամանեց, շարունակելու համար իր խորհրդակցութիւնները նշեալ պայքարին համար դաշինք մը կազմելու նպատակով։ Սէուտական Արաբիա խոստացած է սուրիացի ընդդիմադիրներուն մարզումի կեդրոններ տրամադրել։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ