Արամ Ա. մամլոյ ասուլիս կու տայ Ուաշինկթընի մէջ

By Asbarez | Thursday, 11 September 2014

 

ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 9ին, Ուաշինկթընի մէջ սկսած եւ Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան նուիրուած միջազգային համագումարը տակաւին կը շարունակէ իր աշխատանքները՝ մասնակցութեամբ շուրջ 500 անձերու, որոնց կարգին՝ բարձրաստիճան հոգեւորականներ, ծերակուտականներ, երեսփոխաններ, Քոնկրեսի անդամներ եւ ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու պատկանող պատասխանատուներ: Ամերիկեան ու միջազգային տեղեկատուական օրկաններ յատուկ ուշադրութեամբ կը հետեւին համագումարի աշխատանքներուն:


Համագումարի առաջին օրը, պաշտօնական մամլոյ ասուլիս մը տեղի ունեցաւ Ուաշինկթընի Ազգային տեղեկատուական կեդրոնին մէջ, որուն ներկայ գտնուեցան բազմաթիւ լրատուական աղբիւրներու ներկայացուցիչներ: Սոյն մամլոյ ասուլիսին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Արամ Ա. կաթողիկոս, շեշտելով, թէ Միջին Արեւելքէն «այստեղ չենք եկած Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնը խնդրելու», այլ ամերիկացի ժողովուրդը տեղեակ պահելու մեր մտահոգութիւններուն մասին՝ շրջանին մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն ամբողջական ու յստակ պատկերը ներկայացնելով:

Կաթողիկոսը շարունակեց՝ ըսելով. «Երկրորդ՝ մենք հոս չենք եկած, այս կամ այն խմբակցութեան դէմ պայքար կազմակերպելու, այլ միասնաբար մտածելու, թէ ինչպէ՞ս կարելի է ահաբեկչութեան դէմ պայքարիլ՝ զայն արմատախիլ ընելով մարդկային կեանքէն: Ահաբեկչութիւնը զանազան անուններով եւ կերպերով, տարբեր տեղեր ինքզինք կ՛արտայայտէ, անիկա մարդկային արժէքները արհամարհող ու նոյնիսկ մարդկային գոյութեան սպառնացող չարիք մըն է, որուն դէմ պէտք է պայքարին բոլոր կրօնները ու բոլոր ազգերը, միասնաբար: Երրորդ՝ ճիշդ չէ ըսել, թէ քրիստոնեաները կը հալածուին, այլ իրականութիւնը այն է, որ խիղճի ազատութիւնը ու մարդկային հիմնական իրաւունքներն են, որոնք այսօր կը բռնաբարուին Միջին Արեւելքէն ներս, եւ այս մտահոգութիւնը միայն քրիստոնեաներուն յատուկ չէ, այլ համամարդկային մտահոգութիւն մըն է, հետեւաբար՝ միջազգային համայնքը համապատասխան վերաբերում պէտք է ճշդէ: Չորրորդ՝ այն, ինչ այսօր տեղի կ՛ունենայ Միջին Արեւելքէն ներս, քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութեան խնդիր չէ: Երկու կրօնները երկար դարեր գոյակցած են ու պէ՛տք է շարունակեն գոյակցիլ: Խումբ մը մարդիկ այսօր կը փորձեն իսլամութեան ուսուցումները եւ արժէքները եղծել ու շահագործել, ի խնդիր իրենց քաղաքական նպատակներուն: Հետեւաբար, մեր սպասումն է, որ իսլամ քաղաքական ու կրօնական պատասխանատուներ հրապարակային կեցուածք ճշդեն այս մտահոգիչ կացութեան նկատմամբ»:


 


Յիշեալ պաշտօնական ու հրապարակային մամլոյ ասուլիսէն ետք, վեհափառ հայրապետը հարցազրոյցներ ունեցաւ CNN-ի, Fox News6-ի, Catholic News Services-ի, LBC-ի, Noursat-ի եւ ամերիկեան ու միջազգային այլ մամլոյ ներկայացուցիչներու հետ: Այս հարցազրոյցներուն ընթացքին, ան անդրադարձաւ հետեւեալ կէտերուն.

ա. Քրիստոնէութիւնը կը պատկանի Միջին Արեւելքին, որ կառչած կը մնայ իր արմատներուն, հակառակ իր դիմագրաւած դժուարութիւններուն.

բ. Միաստուածեան երեք կրօնքներուն միջեւ համագործակցութիւնը հրամայական է՝ նկատի ունենալով կրօնքի առանցքային տեղը ընկերութեան մը կեանքէն ներս.

գ. Միջազգային համայնքը լուր մնաց Հայկական Ցեղասպանութեան ընթացքին. այսօր անիկա պէտք չէ անցեալի սխալները կրկնէ՝ անտարբեր մնալով մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրներուն նկատմամբ:

 


comments

Advertisement