Պասքերու խորհրդարանը կը ճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղի ինքնորոշման իրաւունքը

By Asbarez | Friday, 12 September 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 12ին, Եւրոմիութեան տարածքային խորհրդարաններու պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով վաւերացուած է փաստաթուղթ մը, որ կ՛աջակցի Լեռնային Ղարաբաղի ինքնորոշման իրաւունքին:


Ըստ «Հայաստանի եւրոպացի բարեկամներ» կազմակերպութեան՝ Պասքերու խորհրդարանին մէջ Սեպտեմբեր 12ին վաւերացուած փաստաթուղթը կը խրախուսէ պաշտպանել Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին ժողովրդավարութեան սկզբունքները՝ անկախ ստեղծուած բարդ իրավիճակէն:

Փաստաթուղթին մէջ կը նշուի, որ Ղարաբաղի ժողովուրդն իրաւունք ունի ընտրելու սեփական ապագան, մասնաւորապէս՝ իր ինքնորոշումը, որ առանցքային տարր է հակամարտութեան կարգաւորման որեւէ բանակցային գործընթացի համար: Նաեւ կը շեշտուի, որ Լեռնային Ղարաբաղի մասնակցութիւնը կարեւոր է ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի՝ հակամարտութեան կարգաւորման նուիրուած բանակցութիւններուն:

«Հայաստանի եւրոպացի բարեկամներ»ու աջակցութեամբ, ԼՂ արտաքին գործող նախարար Կարէն Միրզոյեան մեկնած է Պասքերու երկիր, ուր կատարած է պաշտօնական այցեր, հանդիպած՝ խորհրդարանի բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն, օրէնսդիր մարմինի ղեկավար Պաքարտխօ Թեճերիա Օթերմինի, գերատեսչական եւ գլխաւոր տեղական իշխանութիւններուն, նաեւ՝ տարածաշրջանով հետաքրքրուող կազմակերպութիւններու հետ:

1979էն ի վեր, Պասքերու երկիրը Սպանիոյ 17 ինքնավար համայնքներէն մէկն է եւ ունի մօտաւորապէս 2.5 միլիոն բնակչութիւն, ինչպէս նաեւ գործադիր եւ օրէնսդիր սեփական մարմիններ: Շրջանի խորհրդարանը ենթապետական խորհրդարաններէն մէկն է, որ կը վայելէ լիակատար իրաւասութիւն Եւրոպական Միութեան տարածքին:


comments

Advertisement