Արսէն Ջուլֆալակեան՝ Աշխարհի Ախոյեան

By Asbarez | Monday, 15 September 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».– Իւզպեքիստանի մայրաքաղաք Թաշքենտի մէջ աւարտեցաւ ըմբշամարտի աշխարհի ախոյեանութեան ազատ ոճի խաղերը, որոնց եզրափակիչ գօտեմարտին Հայաստանի ներկայացուցիչ Արսէն Ջուլֆալակեանը 4:0 արդիւնքով յաղթեց խր-ուաթ ըմբիշ Նեւեն Զուգաժին:


Եզրափակիչի ճամբուն վրայ Ջուլֆալակեանը յաղթեց ատրպէյճանցի Էլուին Մուրսալիեւին (9:0), աւստրիացի Ֆլորիան Մաչլային (12:1), մեքսիքացի Լեւին Էսկոպարին (11:2) եւ վրացի Զուրապ Դաթունաշվիլիին (1:0):

Ջուլֆալակեան առաջին անգամ ըլլալով տիրացաւ աշխարհի ախոյեանի կոչումը: Նախապէս հայ ըմբիշը անգամ մը դարձած էր արծաթէ, երեք անգամ՝ պրոնզէ մետալակիր:

Արսէն Ջուլֆալակեան կրկնեց հօր եւ մարզիչ Լեւոն Ջուլֆալակեանի նուաճումը՝ դառնալով աշխարհի ախոյեան: Լեւոն Ջուլֆալակեան աշխարհի ախոյեան եղած էր 1987ին:


comments

Advertisement