Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութեան ժողովը՝ Երեւանի մէջ

By Asbarez | Tuesday, 16 September 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայկական Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը կը տեղեկացնէ, թէ 2015ի Յուլիս 8-12 պիտի հիւրընկալէ Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութեան (ՑՄԸ) 12րդ համաժողովը, որուն խորագիրն է՝ «20րդ դարու ցեղասպանութիւններու համեմատական վերլուծութիւն»:


Երեւանի մէջ կայանալիք այս հեղինակաւոր համաժողովը աննախադէպ պիտի ըլլայ թէ՛ մասնակիցներու թիւի, թէ՛ ակադեմական բարձր վարկի եւ ի հարկէ Մեծ Եղեռնի հարիւրերորդ տարելիցի տեսանկիւնէն:

Համաժողովին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն ցեղասպանագիտութեան եւ յարակից ոլորտներու հարիւրաւոր մասնագէտներ՝ աշխարհի տարբեր երկիրներէ. անիկա պիտի նուիրուի Հայկական Ցեղասպանութեան 100րդ, ինչպէս նաեւ Բ. Համաշխարհային պատերազմի եւ Հրէական Ողջակիզման 70րդ ամեակներուն:

«Այս համաժողովի անցկացումը բացառիկ իրադարձութիւն է լինելու հայագիտութեան եւ ի մասնաւորի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան ոլորտում:

Հայաստան են ժամանելու հարիւրաւոր հեղինակաւոր գիտնականներ եւ երիտասարդ մասնագէտներ, որոնց մասնակցութիւնը Ցեղասպանագէտների միջազգային ընկերակցութեան տասներկուերորդ համաժողովին լաւ առիթ է հանդիսանալու Հայոց Ցեղասպանութեան եւ դրա հետեւանքների մասին աւելի խորքային պատկերացումներ ունենալու եւ, ինչու չէ՝ Հայաստանին եւ մեր մշակոյթին մօտիկից ծանօթանալու համար», կը նշէ համաժողովի կազմակերպիչ յանձնախումբի տեղական յանձնաժողովի նախագահ Հայկ Դեմոյեան:

1997ին, Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութիւնը ճանչցած էր Հայկական Ցեղասպանութիւնը, իսկ 2010ին ստացած էր ՀՀ նախագահի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործին մէջ նշանակալի աւանդի համար շնորհուող մրցանակը:

Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութիւնը (International Association of Genocide Scholars) ցեղասպանութիւնները եւ մարդկութեան դէմ կատարուած յանցագործութիւնները ուսումնասիրող գիտնականներու առաջատար եւ մեծագոյն միաւորումն է: Անիկա հիմնուած է 1994ին, յայտնի ցեղասպանագէտներ Իսրայէլ Չառնիի (Israel Charny), Հելէն Ֆայնի (Helen Fein), Ռապըրթ Մելսընի (Robert Melson) ու Ռաճըր Սմիթի (Roger Smith) կողմէ եւ այսօր կը համախմբէ աւելի քան 500 գիտնական՝ տարբեր երկիրներէ: Ընկերակցութեան նպատակն է հետազօտել եւ ուսուցանել աշխարհի տարածքին տեղի ունեցած ցեղասպանութիւններու պատճառները՝ կանխարգիլելու համար ցեղասպանութիւններու կրկնութիւնը: Հայկական Ցեղասպանութիւնը միշտ եղած է Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութեան անդամներու ուսումնասիրութեանց ուշադրութեան առարկան:

 


comments

Advertisement