Նախագահը ընդունած է զոյգ Կաթողիկոսները

By Asbarez | Thursday, 18 September 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 18 Սեպտեմբերին հիւրընկալած է Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսն ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը։


Երեւանի մէջ յառաջիկայ օրերուն կայանալիք կարեւորագոյն երկու նախաձեռնութիւններէն՝ Եկեղեցական-ներկայացուցչական 5րդ ժողովէն եւ Հայաստան-Սփիւռք 5րդ համաժողովէն առաջ Հանրապետութեան նախագահը, Ամենայն հայոց հայրապետը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ հայրապետը անդրադարձած են աշխարհասփիւռ հայութեան եւ մայր հայրենիքին դիմաց ծառացած համազգային խնդիրներուն ու մարտահրաւէրներուն։ Անոնք շեշտը դրած են Սուրիոյ մէջ տակաւին դժուար իրավիճակի մէջ գտնուող հայերուն միացեալ ուժերով աջակցութեան անհրաժեշտութեան վրայ, քննարկած են նաեւ Սփիւռքի գաղութներուն մէջ հայապահպանման նպատակով տարուող աշխատանքներուն եւ պետութիւն-եկեղեցի յարաբերութիւններուն ու համագործակցութեան վերաբերող հարցեր:


comments