Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Թուրքիայէն պիտի պահանջէ Սիսի Կաթողիկոսարանը

By Asbarez | Friday, 19 September 2014

 

ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 19ին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցող Հայաստան-Սփիւռք Ե. համաժողովի բացման նիստին իր հայրապետական պատգամը ուղղելով՝ Արամ Ա. կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ըսաւ. «Չենք կրնար անտարբեր մնալ մեր ազգին բռնաբարուած իրաւունքներուն նկատմամբ. անտարբերութիւնը ազգային դաւաճանութիւն է: Հետեւաբար, կոչուած ենք 100ամեակը բարձրագոյն աստիճանի պատասխանատուութեամբ նշելու ու զայն արժեւորելու այնպիսի իրագործումներով, որոնք մնայուն հետք կը թողուն ու նոր հունաւորում կու տան Հայ Դատի հետապնդման աշխատանքներուն»:


Անդրադառնալէ ետք Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով անցնող տասնամեակներուն տարուած գնահատելի աշխատանքին՝ նորին սրբութիւնը կարեւորութեամբ շեշտեց, թէ «ժամանակը հասած է, որ Հայ Դատի աշխատանքները Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումէն անդին՝ փոխադրենք իրաւական դաշտ»։

Ապա, վեհափառ հայրապետը մեր ազգը ներկայացնող համաժողովին առջեւ, առաջին անգամ ըլլալով յայտարարեց. «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը մօտ թուականին Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին մօտ դատ պիտի բանայ՝ պահանջելով իր պատմական կեդրոնի՝ Սիսի, կաթողիկոսարանին վերադարձը իր իրաւատիրոջ՝ հայ եկեղեցւոյ ու հայ ժողովուրդին»:

Արամ Ա. կաթողիկոս յայտնեց, թէ անցնող երկու տարիներուն ընթացքին իր անմիջական հսկողութեամբ, այս գծով հետեւողական աշխատանք տարուած է միջազգային օրէնքի մասնագէտներու հետ: Ապա, վեհափառը աւելցուց. «Այն պարագային, երբ մեր դատը մերժուի Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին կողմէ, զայն անմիջապէս պիտի ներկայացնենք Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարան»:

Վեհափառ հայրապետը, յիշեցնելէ ետք, որ յիշեալ դատը անխուսափելի կերպով դուռ պիտի բանայ մեր եկեղեցապատկան, ազգապատկան ու սեփական կալուածներու վերադարձի թղթածրարին՝ հաստատեց. «Եթէ դատը շահինք, պատիւը ու յաղթանակը կ՛երթայ մեր ժողովուրդին, մեր հայրենիքին ու եկեղեցիին: Իսկ եթէ դատը կորսնցնենք, ապա դարձեա՛լ յաղթած կ՛ըլլանք, որովհետեւ ցեղասպանին ու միջազգային համայնքին գործնապէս յիշեցուցած կ՛ըլլանք, թէ հայ ժողովուրդը կը մնայ պահանջատէր իր իրաւունքներուն, որքա՛ն ալ տարիներու թիւը մեզ հեռացնէ Հայոց Ցեղասպանութեան թուականէն»:

Վերջապէս, նորին սրբութիւնը յիշեցուց. «Նիւթական կարեւոր ներդրում կ՛ենթադրէ այս դատը: Բոլոր պարագաներուն, մենք կը վստահինք մեր ժողովուրդին, որովհետեւ եկեղեցին ժողովուրդն է եւ եկեղեցական որեւէ կեդրոն՝ մեր ժողովուրդին սեփականութիւնն է»:

Արամ Ա. կաթողիկոսի յայտարարութիւնը մեծ խանդավառութեամբ ընկալուեցաւ համաժողովին կողմէ:


comments

Advertisement