Հարցականներ Թուրք պատանդներու ազատ արձակման շուրջ

By Asbarez | Tuesday, 23 September 2014

 

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիա ամբողջ շաբաթավերջը տօնեց Մուսուլի մէջ պատանդ վերցուած 49 թուրքերու ազատ արձակումը։ Դէպքը այնքան կարեւոր էր, որ վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլու կրճատեց Պաքու իր այցելութիւնը ու Թուրքիա փութաց ողջագուրելու համար պատանդները՝ ճակատէն համբուրելով նաեւ ազատ արձակուած Մուսուլի աւագ հիւպատոս Էօզթիւրք Եըլմազը։


Սակայն, առաջին վայրկեանէն իսկ հարցականներ ստեղծուեցան 101 օր առաջ առեւանգուած պատանդներու ազատ արձակման շուրջ, յատկապէս՝ պաշտօնատարներու փոխանցած տեղեկութեանց մէջ առկայ հակասութեանց պատճառով։ Մինչ նախագահ Էրտողան կ՛ըսէր, որ պատանդները ազատագրուեցան գործողութեան մը շնորհիւ, վարչապետը կ՛ըսէր, թէ անոնք ազատ արձակուեցան տենդագին բանակցութիւններու շնորհիւ։

Հիմնական հարցումներէն մէկն այն է, թէ իսլամ ծայրայեղականները ինչպէ՞ս յօժարեցան պատանդները ազատ արձակել, երբ Ամերիկայի կողմէ կազմուած ուժերը սկսած են ծանր յարձակումներ գործելու իրենց դիրքերուն վրայ՝ ջանալով Թուրքիան մաս դարձել այդ դաշինքին։

Մինչ Անգարա այս յաջողութեան համար ջերմօրէն կը շնորհաւորէր Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութիւնը՝ ՄԻԹը, յստակ չէ, թէ ի՞նչ եղած էր ՄԻԹին դերը այս գործողութեան կամ բանակցութիւններուն մէջ։ Կը հաղորդուի, որ ՄԻԹ օգտագործած էր օժանդակութիւնը կարգ մը արաբ ցեղախումբերու, որոնք ազդեցիկ էին իսլամ ծայրայեղականներուն մօտ։

Այլ հարցում մըն է այն, թէ Թուրքիա ինչե՞ր խոստացած է պատանդներու ազատ արձակման փոխարէն։ Քաղաքական շրջանակներ նաեւ հարց կու տան, թէ Թուրքիա այժմ պիտի յօժարի՞ իսլամ ծայրայեղականներուն դէմ կազմակերպուած զինուորական միացեալ միջամտութեան մասնակցիլ։

Նշենք, որ Էրտողան Ամերիկա մեկնելէ առաջ ընդունած էր պատանդները եւ զանոնք շնորհաւորած էր իրենց ցոյց տուած տոկունութեան ու հանդուրժողութեան համար։ Էրտողան յայտարարած էր. «Ոմանք կ՛ըսեն, թէ սակարկութիւն ըրինք։ Եթէ կ՛ակնարկուի նիւթական սակարկութեան, այդպիսի բան չկայ։ Բայց եթէ կ՛ակնարկուի դիւանագիտական սակարկութեան, անշո՛ւշտ, որ այդպիսի սակարկութիւն կատարուեցաւ։ Ըսուեցաւ, որ պատանդները փոխանակուեցան ուրիշներու հետ։ Նոյնիսկ եթէ այդպէս եղած ըլլայ, մեզի համար ամէնէն կարեւորը 49 պատանդներու կեանքն էր»։

 


comments

Advertisement