Սուրիոյ մէջ Իսլամ ծայրայեղականներու դիրքերուն ռմբակոծումը 50 զոհ կը խլէ

By Asbarez | Tuesday, 23 September 2014

 

ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Ռոյթըրզ».- Միացեալ Նահանգներու գլխաւորած Միջազգային դաշինքի ուժերը Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 23ին ռմբակոծած են Սուրիոյ մէջ իսլամ ծայրայեղականներու դիրքերը՝ պատճառելով առնուազն 50 զոհ, ներառեալ 10 քաղաքայիններ։


Ամերիկացի պաշտօնատար մը յայտնած է, որ Սէուտական Արաբիա, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Յորդանան եւ Պահրէյն մասնակցած են Սուրիոյ մէջ «Իսլամական պետութիւն» կոչուող խմբաւորման դիրքերուն վրայ յարձակումներուն, իսկ Քաթար օժանդակութիւն ցուցաբերած է:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ ՄԱԿի մէջ Միացեալ Նահանգներու մնայուն ներկայացուցիչը այս գործողութեան մասին տեղեակ պահած է Սուրիոյ մնայուն ներկայացուցիչը:

Փենթակոնը նաեւ յայտարարեց, որ Միջերկրական ծովուն վրայ գտնուող ամերիկեան մարտանաւերէ արձակուած «Թամահոք» տիպի հեռահաս հրթիռներ հարուածած են Սուրիոյ մէջ իսլամ ծայրայեղականներու դիրքեր:

Միւս կողմէ, իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ իսրայէլեան բանակը Կոլանի սահմանին մօտ վար առած է անօդաչու թռչող սարք մը՝ օգտագործելով «Փեթրիըթ» տիպի հակաօդային հրթիռներ: Այլ աղբիիւրնեու համաձայն՝ զգետնուածը սուրիական ռազմական օդանաւ մը եղած է։

Աւելի կանուխ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա հաստատեց, որ իր երկիրը «Իսլամական պետութիւն» կոչուող խմբաւորման դէմ իր ջանքերը պիտի շարունակէ՝ նշելով, որ ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի նիստին ընթացքին իր արտասանելիք խօսքին մէջ պիտի պահանջէ անոր դէմ աւելի լայն դաշինք մը կազմել, որովհետեւ այս պատերազմը միայն Միացեալ Նահանգներու պատերազմը չէ, այլեւ՝ շրջանի բոլոր ժողովուրդներուն եւ աշխարհի բոլոր երկիրներուն պատերազմը:
Իր կարգին, քոնկրեսական Պիլ Նիլսըն յոյս յայտնեց, որ թուրք քաղաքացիներուն ազատ արձակումէն ետք, Թուրքիա եւս մաս կը կազմէ միջազգային դաշինքին:
Նաեւ, «Ռաշա Թուտէյ» հաղորդեց, որ իսլամ ծայրայեղական զինեալները զանգուածային մահապատիժներ կատարած են Սուրիոյ քրտական գիւղերուն մէջ: Զինեալները անցեալ շաբաթ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ բազմաթիւ գիւղեր գրաւած էին:

Քրտական ինքնապաշտպանութեան ուժերու հրամանատարութիւնը կը յայտնէ, որ սուրիացի քիւրտերը յաջողած են ծայրայեղականներուն յառաջխաղացքը կասեցնել Քոպանիի արեւելքը, սակայն բուռն բախումները կը շարունակուին տակաւին:

Մինչ այդ, թրքական «Իհլաս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ թրքական իշխանութիւնները Սուրիայէն փախուստ տուող քիւրտերուն առջեւ փակած են սահմանային անցքերը, երբ սահմանին մօտ Թուրքիոյ քիւրտերուն եւ ապահովական ուժերուն միջեւ բախումներ տեղի ունեցած են: Թուրքիոյ քիւրտերը քիւրտ գաղթականներուն առ ի զօրակցութիւն ցոյց կը կատարէին:

 


comments

Advertisement