Սէուտական Արաբիա-Իրան եւ Ամերիկա-Իրան հանդիպումներ՝ Նիւ Եորքի մէջ

By Asbarez | Tuesday, 23 September 2014

 

 


ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- «Արապիա» կը հաղորդէ, որ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Սէուտ Ֆայսալ իշխանը Նիւ Եորքի մէջ, ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ, հանդիպում ունեցած է իրանցի իր պաշտօնակից Մոհամմետ Ճաւատ Զարիֆի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննուած է ծայրայեղական խմբաւորումներուն դէմ պայքարին մէջ շրջանային ապահովութեան համար գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը:

Իրանեան դիւանագիտութեան պետը յայտնած է, որ հանդիպումը երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութեանց նոր էջի մը հիմնաքարը դրած է: «Մենք կը գիտակցինք ներկայ ճգնաժամին, անոր դիմակայման կարեւորութեան ու նուրբ բնոյթին եւ կը կարծենք, որ յաջողութեամբ անոր դէմ դնելու համար, պէտք է խուսափիլ նախկին սխալներէն», ըսած է Զարիֆ՝ աւելցնելով, որ մօտիկ ապագային կրնայ Ռիատ այցելել, շարունակելու համար խորհրդակցութիւնները։

Նշենք, որ հանդիպումը Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի ընտրութենէն ետք (Օգոստոս 2013ին) առաջինն է իր տեսակին մէջ:

Զարիֆ նախապէս հանդիպում ունեցած էր Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերիի հետ: Երկու նախարարները քննարկած էին իսլամ ծայրայեղականներուն ներկայացուցած վտանգը ու անոնց դէմ դնելու կարելիութիւնները:

 


comments