Արամ Ա. Կաթողիկոս կը հանդիպի Յունաստանի վարչապետին

By Asbarez | Tuesday, 23 September 2014

 

ԱԹԷՆՔ.- Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 22ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս Աթէնքի մէջ հանդիպում ունեցաւ Յունաստանի վարչապետ Անթոնիս Սամարասի հետ: Հանդիպումին ներկայ էին Աթէնքի եւ համայն Յունաստանի արքեպիսկոպոս Երոնիմոս Բ., Յունաստանի Հայոց թեմի առաջնորդ Խորէն արք. Տողրամաճեան, Ազգային իշխանութեան անդամներ եւ վարչապետի խորհրդականներ:

Առաջին հերթին, վեհափառ հայրապետը շնորհակալութիւն յայտնեց վարչապետ Սամարասին՝ հայ ժողովուրդին ու անոր արդար Դատին նեցուկ կանգնելուն համար: Նշենք, որ վարչապետը 1996ին, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման օրինագիծը ներկայացուցած էր խորհրդարան եւ անիկա նոյն տարին ընդունուած էր խորհրդարանին կողմէ. նոյնպէս, Սամարաս բանալի դերակատարութիւն ունեցած է Յունաստանի խորհրդարանին կողմէ ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող, ինչպէս նաեւ հայ համայնքին իրաւական ճանաչում տալու օրէնքներու վաւերացման մէջ:

Արամ Ա. ողջունեց վարչապետը, որ կրցաւ Յունաստանը առաջնորդել դէպի տնտեսական վերականգնում: Ընդառաջելով վարչապետին փափաքին՝ վեհափառ հայրապետը անդրադարձաւ Սեպտեմբեր 9-11, Ուաշինկթընի մէջ, Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն նուիրուած միջազգային համագումարին եւ նախագահ Պարաք Օպամայի հետ իր ունեցած հանդիպումին: Վեհափառը իր տեսակէտները պարզեց Միջին Արեւելքի մէջ տիրող ներկայ իրավիճակին ու վերիվայրումներուն մասին: Իսկ վարչապետ Սամարաս լիովին բաժնեց վեհափառի մտահոգութիւններն ու տեսակէտները:

Աւելի քան ժամ մը տեւած մտերմիկ հանդիպման աւարտին, վարչապետը յուշանուէր մը յանձնեց կաթողիկոսին: Ապա, Արամ Ա. կաթողիկոս Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Իշխան» շքանշանով պարգեւատրեց վարչապետ Սամարասը, առ ի գնահատանք հայ ժողովուրդին նկատմամբ անոր ունեցած սիրոյն ու յարգանքին: Վարչապետը իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց վեհափառ հայրապետին եւ փափաքեցաւ, որ այս կապը շարունակուի, յատկապէս՝ նկատի ունենալով վեհափառին փորձառութիւնը կրօնական ու քաղաքական հարցերու շուրջ:

Նշենք, որ վեհափառը, Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարի բացակայութեան, կարճ հանդիպում մը ունեցաւ նախարարութեան ընդհանուր քարտուղար Անաստասիոս Միցիալիսի հետ:

 


comments

Advertisement