Էրտողան Ամերիկայի մէջ պիտի տեսակցի Հայ եւ Հրեայ առաջնորդներու հետ

By Asbarez | Tuesday, 23 September 2014

 

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Սապահ» օրաթերթի անգլերէն տարբերակին մէջ կը հաղորդուի, թէ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան, որ Նիւ Եորք մեկնած է ՄԱԿի տարեկան ժողովին մասնակցելու նպատակով, հանդիպումներ պիտի ունենայ հայ եւ հրեայ համայնքներու առաջնորդներուն հետ։ Ըստ թերթին՝ Էրտողան հանդիպում մը պիտի ունենայ հրէական համայնքի առաջնորդին հետ, իսկ ապա պիտի տեսակցի Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Խաժակ արք. Պարսամեանի հետ։



comments