By Asbarez | Tuesday, 23 September 2014
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր», «Արմէնփրէս».- Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Էդուարդ Նալբանդեան ու Էլմար Մամետեարով Սեպտեմբեր 23ին հանդիպում մը ունեցան Նիւ Եորքի մէջ: Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Տիգրան Բալայեանի՝ հանդիպման մասնակցած են նաեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահները:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղիները:
Աւելի կանուխ, ամերիկացի համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիք անջատ հանդիպում մը ունեցած է Մամետեարովի հետ։
Յիշեցնենք, որ Նիւ Եորքի մէջ կը կայանայ ՄԱԿի 69րդ Ընդհանուր ժողովը, որուն մասնակցելու համար Ամերիկա կը գտնուին երկու նախարարները:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ