Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը կը դատապարտէ Տէր Զօր եկեղեցւոյ աւերումը

By Asbarez | Wednesday, 24 September 2014

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը միացաւ Հայաստանի կառավարութեան ու ժողովուրդին՝ խստիւ դատապարտելով Սուրիոյ Տէր Զօր քաղաքի հայկական եկեղեցւոյ աւերումը: Այս մասին նշուած է Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան տարածած յայտարարութեան մէջ։

«Այս անմիտ աւերածութիւնը կրկին կը փաստէ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութեան բացարձակ քամահրանքը Միջին Արեւելքի կրօնական եւ մշակութային հարուստ ժառանգութեան հանդէպ:

Ինչպէս արտաքին գործոց նախարար Քերին նշած է, «Իսլամական պետութիւն»ը համակարգուած կերպով արձանագրած է մարդու իրաւունքներու ու միջազգային իրաւունքի խախտումներ եւ կը հանդիսանայ համաշխարհային ահաբեկչական սպառնալիք: Այս սպառնալիքին դիմակայելու համար Միացեալ Նահանգները կոչ կ՛ուղղէ միջազգային հանրութեան՝ ամրապնդելու միասնական ջանքերը, որպէսզի կարելի ըլլայ կազմալուծել ու վերացնել «Իսլամական պետութիւն»ը», նշուած է յայտարարութեան մէջ։


comments