ԼՂՀ Ազգային Ժողովի նախագահը կը մասնակցի Աբխազիոյ նախագահի երդման արարողութեան

By Asbarez | Thursday, 25 September 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Սեպտեմբեր 24ին ժամանած է Աբխազիա՝ մասնակցելու համար նորընտիր նախագահ Ռաուլ Խաջիմբայի երդման արարողութեան:


Նոյն օրը ԼՂՀ պատուիրակութիւնը այցելած է Սուխում քաղաքի Յովհաննէս Թումանեանի անուան հայկական դպրոց եւ մասնակցած է դպրոցի աշակերտներուն կողմէ կազմակերպուած տօնական ձեռնարկին:

Դարձեալ նոյն օրը տեղի ունեցած է ԼՂՀ Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի հանդիպումը Աբխազիոյ Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Վեաչեսլաւ Չիրիկբայի հետ: Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են երկու հանրապետութիւններու պետականաշինութեան գործընթացները եւ նշած Արցախի ու Աբխազիոյ միջեւ երկկողմ յարաբերութիւններու ընդլայնման ու խորացման մեծ ներոյժը:

 


comments

Advertisement