Ռոհանի-Քեմրըն հանդիպում

By Asbarez | Thursday, 25 September 2014

 

ՄԱԿ, «Ռոյթըրզ».- Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանի Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 24ին հանդիպում մը ունեցաւ Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քեմրընի հետ, ինչ որ 1979ի իսլամական յեղափոխութենէն ետք առաջին հանդիպումն էր երկու երկիրներու կառավարութեանց ղեկավարներուն միջեւ: Հանդիպումը տեղի ունեցաւ ՄԱԿի մօտ Բրիտանիոյ ներկայացուցչութեան գրասենեակին մէջ:

Կողմերը քննած են երկկողմանի յարաբերութիւնները բարելաւելու կարելիութիւնները, Իրանի հիւլէական ծրագիրը, ինչպէս նաեւ՝ «Իսլամական պետութիւն» կոչուող ահաբեկչական խմբաւորման դէմ պայքարի հարցը:

Աւելի ուշ, ՄԱԿի առջեւ իր ելոյթին մէջ Քեմրըն ըսած է, որ թէեւ Արեւմուտքը լուրջ տարակարծութիւններ ունի Իրանի հետ, այդուհանդերձ՝ «Իրանի ղեկավարութիւնը կրնայ նպաստել «Իսլամական պետութեան» սպառնալիքին դէմ պայքարին, կրնայ նպաստել Իրաքի, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ ազգային համերաշխութեան կառավարութեանց ձեւաւորման միջոցով՝ կայունութեան հաստատման»:

Ռոհանի-Քեմրըն պատմական հանդիպումը լայն արձագանգ գտած է միջազգային մամուլին մէջ։

Միւս կողմէ, աւստրիացի իր պաշտօնակիցին՝ Հայնց Ֆիշըրի հետ հանդիպումին ընթացքին, Ռոհանի յայտարարած է, որ Իրան կրնայ ուժանիւթի վստահելի աղբիւր մը ըլլալ Եւրոպայի համար: «Պատրաստ ենք իրականացնելու դէպի Եւրոպա բնական կազի փոխանցման ցանցը՝ Աւստրիոյ տարածքով», ըսած է Իրանի նախագահը։
ՄԱԿի առջեւ իր ելոյթին մէջ, Ռուհանի Սեպտեմբեր 25ին կոչ ըրաւ համաշխարհային միացեալ ճակատով մը պայքարելու «կեղծ իսլամներու» դէմ, որոնք իսլամութեան անունով ոճիրներ կը գործեն։ Մէկ օր առաջ կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին ան ազդարարած էր, որ կարելի չէ պայքարիլ որեւէ ահաբեկչական խմբաւորման դէմ՝ այլ ահաբեկչական խմբաւորման մը աջակցելով:

Ռոհանի նաեւ ըսած է, որ հիւլէական ծրագիրին շուրջ բանակցութիւններու արդիւնաւորումը պիտի ստեղծէ բացառիկ հնարաւորութիւն, որ պէտք է օգտագործուի Իրանի եւ Ամերիկայի ժողովուրդներու շահերուն ի նպաստ: «Իրանի եւ Ամերիկայի համագործակցութեան համար կան բազմաթիւ առիթներ», եզրակացուցած է ան:

 


comments