Դաշնակից ուժերը կը հարուածեն Սուրիոյ մէջ քարիւղի զտարաններ

By Asbarez | Thursday, 25 September 2014

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Փենթակոն Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 25ին յայտարարեց, որ ամերիկեան, սէուտական եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ռմբաձիգներ հարուածած են հիւսիսային Սուրիոյ մէջ քարիւղի արտադրութեան ենթակառոյցներ եւ զտարաններ, որոնք գրաւուած են «Իսլամական պետութիւն» կոչուող ահաբեկչական խմբաւորման կողմէ, մինչ ֆրանսական ռազմական օդանաւեր շարունակած են հարուածել Իրաք գտնուող իսլամ ծայրայեղականներու դիրքերը։


Դաշնակից ուժերու օդանաւերը հարուածներ հասցուցած են նաեւ ահաբեկչական կազմակերպութեան կողմէ ամբողջովին պաշարուած Այն Արապի (Քոպանի) մօտ գտնուող շրջաններուն:

Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը հաղորդեց, որ հակառակ Անգարայի հերքումներուն, Չորեքշաբթի օր որոշ օդանաւեր Թուրքիոյ օդային տարածքէն մուտք գործած են Սուրիա՝ հարուածելով զինեալներու մատակարարման գիծերը։

Դաշնակից ուժերու օդանաւերը նաեւ տասնեակներով յարձակումներ գործած են Տէր Զօր նահանգի Իրաքի սահմանակից շրջաններուն մէջ գտնուող դիրքերու վրայ:
Սէուտական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգին զաւակը մասնակցած է օդային գործողութեան:

Մինչ այդ, «Իսլամական պետութեան» առնչուած ալճերիական խմբաւորում մը Չորեքշաբթի օր հրապարակեց Ալճերիոյ մէջ Կիրակի օր առեւանգուած ֆրանսացի զբօսաշրջիկի մը գլխատման տեսաերիզը։

Քաղաքական գետնի վրայ, Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարար Օմրան Զոհպի յայտնեց, որ «ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ օդային հարուածները սուրիական գերիշխանութեան խախտում մը չեն, որովհետեւ ՄԱԿի որոշումին հիմամբ տեղի կ՛ունենան անոնք»:

«Կազեթա.ռու» կայքը կը գրէ, որ Միացեալ Նահանգներ Իրանին վստահեցուցած է, որ ծայրայեղականները հարուածելու ընթացքին, պիտի չյարձակին Սուրիոյ կառավարական զօրքերուն վրայ:

Նաեւ, Թուրքիոյ փոխվարչապետ Եալչըն Աքտողան յայտնած է, որ ամերիկեան ղեկավարութեամբ դաշնակից ուժերը «պէտք է բացայայտեն Սուրիոյ եւ (նախագահ Պաշշար) Ասատի վարչակարգի ապագային վերաբերեալ իրենց դիրքորոշումները, որմէ ետք միայն մեր կեցուածքը պիտի ճշդենք»:


comments