By Asbarez | Thursday, 25 September 2014
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովին առջեւ իր Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 24ի ելոյթին ընթացքին, Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան պնդած է, թէ Թուրքիա միշտ դէմ կ՛արտայայտուի ահաբեկչութեան, ճնշումներուն, սպանութիւններուն եւ յատկապէս՝ երեխաներու սպանութիւններուն: Ըստ անոր՝ Թուրքիան պատրաստ է աջակցելու տարածաշրջանի խաղաղութեան եւ պիտի պայքարի շրջանի ժողովրդավարութեան եւ բարգաւաճման համար:
Իր խօսքին մէջ, Էրտողան նաեւ ըսած է, որ Թուրքիան դէմ է հակասեմականութեան եւ ցեղային խտրականութեան՝ նշելով, որ Թուրքիան արդէն 30 տարիէ աւելի ահաբեկչութեան զոհ եղած է։
Թուրքիոյ նախագահը նաեւ անդրադարձած է Թուրքիոյ կողմէ գրաւեալ հիւսիսային Կիպրոսի հարցին եւ Արցախի հակամարտութեան: «Թուրքիա կը փափաքի տեսնել Կիպրոսի հարցի լուծումը եւ ատրպէյճանական տարածքներու բռնագրաւման աւարտը: Մենք միշտ Ուքրանիոյ տարածքային ամբողջականութեան պահպանման կոչ ըրած ենք», յայտարարած է Էրտողան:
Միւս կողմէ, «Մարմարա» Սեպտեմբեր 25ին կը գրէ, որ թրքական թերթեր, ինչպէս նաեւ միջազգային լրատու այլ աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ Թուրքիոյ նախագահի ելոյթին ընթացքին, ՄԱԿի դահլիճը գրեթէ ամբողջութեամբ դատարկ էր…
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ