Սերժ Սարգսեան կը հանդիպի Ամերիկացի քաղաքագէտներու

By Asbarez | Friday, 26 September 2014

 

 


ՆԻՒ ԵՈՐՔ, «Նիուզ».- Նախագահ Սերժ Սարգսեան Միացեալ Նահանգներ կատարած իր աշխատանքային այցի ծիրէն ներս հանդիպած է միջազգային յարաբերութիւններու ոլորտէն ներս առաջատար փորձագէտներ Ճէյմզ (Ճիմ) Քոլինզի, Ճէյմզ Թրաուպի, Սթիւըն Սեստանովիչի եւ Վելի Նասրի հետ: ՀՀ Նախագահին եւ միջազգային փորձագէտներուն այս հանդիպումը տեղի ունեցած է ամերիկահայ բարերար Ասօ Դաւիթեանի բնակարանին մէջ:

Փորձագէտները նախագահ Սերժ Սարգսեանին ներկայացուցած են Հարաւային Կովկասի եւ Մերձաւոր Արեւելքի տարածաշրջաններու իրավիճակին եւ վերջին զարգացումներուն վերաբերեալ իրենց գնահատականները: Տեղի ունեցած է միտքերու փոխանակում:

 


comments