Կը պատրաստուին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հանդիպումին

By Asbarez | Friday, 26 September 2014

 

 


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահները Սեպտեմբեր 25ին հրապարակած են հետեւեալ յայտարարութիւնը.
ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփով (Ռուսիա), Ճէյմզ Ուորլիք (ԱՄՆ) եւ Փիեռ Անտրիօ (Ֆրանսա), Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Էլմար Մամետեարովի հետ քննարկած են երկու երկիրներու ղեկավարներուն միջեւ Փարիզի մէջ կայանալիք հանդիպման նախապատրաստութիւնները: ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիք եւս ներկայ եղած է հանդիպման։
Փարիզի մէջ կայանալիք հանդիպման ընթացքին, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները կը ծրագրեն շարունակել ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման ելակէտային տարրերու շուրջ երկխօսութիւնը: Համանախագահները յոյս ունին, որ նախագահները արդիւնաւէտ քննարկումներ կ՛իրականացնեն՝ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման ճամբուն վրայ յառաջխաղացք ապահովելով: Փիեռ Անտրիօ մասնակիցներուն տեղեկացուցած է նախատեսուող հանդիպման օրակարգին վրայ ներառուելիք հաւանական հարցերուն մասին:

Միջնորդները նաեւ հանդիպած են ԵԱՀԿի նախագահ Տիտիէ Պուրխալթերի հետ, անոր ներկայացնելով Սոչիի եւ Կալեսի մէջ կայացած Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու վերջին հանդիպումներուն մասին հաշուետուութիւնը, նաեւ տեղեկութիւններ հաղորդելով Փարիզի հանդիպման նախապատրաստութիւններուն մասին:

 


comments