By Asbarez | Monday, 29 September 2014
ԵՐԵՒԱՆ.– Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրով 29 Սեպտեմբերին պետական այցելութեամբ Երեւան ժամանեց Յունաստանի նախագահ Քարոլոս Փափուլիասը. այս ծիրին մէջ Յունաստանի նախագահը հանդիպումներ պիտի ունենայ նախագահ Սերժ Սարգսեանի, Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանի, վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի հետ: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի ընկերակցութեամբ նախագահը այցելած է Ծիծեռնակաբերդ՝ յարգանքի տուրք մատուցելու Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։
Հայաստանի եւ Յունաստանի նախագահներու 30 Սեպտեմբերին կայանալիք հանդիպումին ընթացքին նախատեսուած են հայ-յունական յարաբերութիւններու ամրապնդման ու խորացման վերաբերող փաստաթուղթերու ստորագրութիւն, որմէ ետք նախագահներ Սերժ Սարգսեանը եւ Քարոլոս Փափուլիասը պիտի տան մամլոյ միացեալ ասուլիս։
Յունաստանի նախագահի այցելութեան ծիրին մէջ երկու երկիրներու նախագահներուն մասնակցութեամբ տեղի պիտի ունենայ հայ-յունական գործարար համաժողով: Նախագահ Քարոլոս Փափուլիաս հանդիպում պիտի ունենայ Հայաստանի մէջ յունական համայնքին հետ։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ