By Asbarez | Monday, 29 September 2014
ԱՆԳԱՐԱ, ՊՈԼԻՍ, «Ռոյթըրզ», «Մարմարա».- Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան չէ բացառած, որ իր երկիրը կրնայ զօրքեր ուղարկել Սուրիա: Ըստ անոր՝ իսլամ ծայրայեղականներուն վրայ օդային հարուածները բաւարար չեն:
«Ինթըրֆաքս» կը հաղորդէ, որ Էրտողանի կարծիքով՝ թրքական բանակը կրնայ աջակցիլ ապահովական գօտիի մը ստեղծման՝ գաղթականներու հարցերով միջազգային իրաւական արժեչափերու ծիրին մէջ:
Ըստ Էրտողանի՝ իսլամականներու դէմ պայքարին մասնակից աշխարհի երկիրներէն իւրաքանչիւրը իր դերը պիտի ունենայ այդ պայքարին մէջ, իսկ Թուրքիա «իրեն վերապահուած պարտականութիւնը պիտի կատարէ»:
Նիւ Եորքէն Անգարա վերադարձին, ան լրագրողներուն յայտնած է. «Որովհետեւ 101 օր պատանդ մնալէ ետք՝ Մուսուլի մէջ Թուրքիոյ հիւպատոսարանի անձնակազմի 49 անդամները ազատ արձակուած են, ներկայ կացութիւնը տարբեր է 102 օր առաջ տիրող կացութենէն: Մենք կացութեան վերագնահատումը պէտք է կատարենք: Ըսել, թէ Թուրքիա երբե՛ք զինուորական քայլ մը պիտի չորդեգրէ՝ սխա՛լ է: Այլ երկիրնե՞ր մեր սահմանը պիտի պաշտպանեն: Ո՛չ, մենք մեր սահմանը պիտի պաշտպանենք։ Թուրքիա այս միջազգային գործողութենէն դուրս չի կրնար մնալ»:
Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան նախագահ Քեմալ Քըլըճտարօղլու, անդրադառնալով Էրտողանի յայտարարութեան՝ ըսաւ. «Չենք ուզեր, որ թրքական բանակը այլ երկիրի մը հողերը մուտք գործէ»:
Իր կարգին, վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլու դիտել տուաւ, որ Իրաքի ու Սուրիոյ դէմ զինուորական գործողութեան արտօնութեան դիմումնագիրը Խորհրդարան պիտի յղուի Հոկտեմբեր 2ին, իսկ Երեքշաբթի օր, Թուրքիոյ զինուորական ուժերու սպայակոյտի նախագահ զօր. Նեճտեթ Էօզել, նախարարաց խորհուրդին տեղեկագիր պիտի տայ՝ իսլամ ծայրայեղականներուն սպառնալիքին կապակցութեամբ։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ