Արամ Ա. Հոկտեմբերին Սիսի Կաթողիկոսարանի հարցով պիտի դիմէ Թուրքիոյ դատարան

By Asbarez | Monday, 29 September 2014

 

ԱԹԷՆՔ, «Ազատ Օր».- Հովուապետական այցով Յունաստան գտնուող Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս, «Ազատ Օր» թերթին տուած հարցազրոյցին մէջ կը յայտնէ, թէ «շատ հաւանաբար, Հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին, մենք այլեւս պաշտօնապէս մեր դատը պիտի ներկայացնենք Թուրքիոյ հանրապետութեան սահմանադրական դատարան: Ապա՝ Եւրոպայի մարդկային իրաւանց դատարան, նկատի ունենալով, որ հոն կարելի է դիմել այն պարագային, երբ բան մը մերժուի տեղական դատարանին կողմէ»:


Յիշատակուած դատը կը վերաբերի Սիսի կաթողիկոսարանը իր իրաւատիրոջ վերադարձնելու պահանջին, որուն մասին ակնարկած էր Արամ Ա., Հայաստան-Սփիւռք 5րդ համաժողովին առջեւ իր ունեցած ելոյթին ընթացքին:

Արամ Ա.ի սոյն հարցազրոյցը կրնաք կարդալ ամբողջութեամբ մեր վաղուան թիւին մէջ։


comments

Advertisement