By Asbarez | Tuesday, 30 September 2014
ՊՈԼԻՍ, ՊԷՅՐՈՒԹ, «Մարմարա», «Էյ.Փի.».- Սիւլէյման շահի դամբարանը, որ թրքական հողամաս մըն է Սուրիոյ մէջ, կը պաշտպանուի 35 թուրք զինուորներու կողմէ։ Այս օրերուն, երբ Թուրքիա շատ լուրջ հարցեր ունի Սուրիոյ հետ, նուրբ խնդիր դարձած է դամբարանին պաշտպանութիւնը։
Ըստ թրքական «Ենի Շաֆաք» օրաթերթին՝ երկու օրէ ի վեր աւելի քան հազար իսլամ ծայրայեղական զինեալներ պաշարած են դամբարանը՝ հակադարձելով անցած շաբաթավերջին նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի այն յայտարարութեան, թէ Անգարա կրնայ միանալ ծայրայեղականներու դէմ պայքարին։
Թրքական աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» թերթին յայտնած են, որ մինչ խորհրդարանը կը պատրաստուի քննելու ծայրայեղականներուն դէմ դաշինքին միանալու կարելիութիւնը, թրքական բանակը պատրաստ է, իսկ Սուրիոյ հետ սահմանին վրայ տեղակայուած հրասայլերը որեւէ պահուն կրնան մուտք գործել սուրիական հողեր՝ պաշտպանելու համար թուրք քաղաքացիները, եթէ Սուրիայէն արձակուած հրթիռներ շարունակեն իյնալ թրքական հողամասերուն վրայ:
Մինչ այդ, Ամերիկայի ղեկավարած դաշնակից ուժերը Երեքշաբթի օր շարունակեցին ռմբակոծել իսլամ ծայրայեղականներու դիրքերը, յատկապէս Թուրքոյ սահմաններուն մօտիկ շրջաններու մէջ՝ փորձելով ճեղքել քրտական Քոպանի քաղաքի շրջափակումը։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ