Իզապէլ Տինկիզեան՝ Շուէտի խորհրդարանի նախագահի Գ. տեղակալ

By Asbarez | Tuesday, 30 September 2014

 

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Շուէտի խորհրդարանի Կանաչներու կուսակցութեան երեսփոխան, հայազգի Իզապէլ Տինկիզեան ընտրուած է խորհրդարանի նախագահի երրորդ տեղակալ։ Խորհրդարանի նախագահ ընտրուած է Ուրպան Ալին, առաջին տեղակալ՝ Թոպիաս Պիլսթրոմը, իսկ երկրորդ տեղակալ՝ Պէոռն Սէօտեր։


Տինկիզեան Իրաքի Պաղտատ քաղաքէն է. ան ծնած է 1962ին, գործարարներու ընտանիքի մը մէջ։ Շուէտի խորհրդարանի անդամ է 2006էն ի վեր ու խորհրդարանի Պաշտպանութեան ու Կրթութեան յանձնաժողովներու անդամներէն է։
Շուէտի խորհրդարանը ունի 349 անդամ։


comments