30 Դպրոցականներ կը սպաննուին Սուրիոյ Հոմս քաղաքին մէջ

By Asbarez | Wednesday, 01 October 2014

 

ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 1ին, Հոմսի մէջ ալաուիներով բնակեցուած շրջանի մը մէկ վարժարանին առջեւ իրականացուած անձնասպանական գործողութեան մը ընթացքին սպաննուած է 39 հոգի, որոնցմէ 30ը՝ դպրոցական։ Ցարդ ոչ մէկ կազմակերպութիւն ստանձնած է յարձակումին պատասխանատուութիւնը, սակայն Մայիսին տեղի ունեցած նման յարձակումի մը պատասխանատուութիւնը ստանձնած էր իսլամ ծայրայեղականներու «Ճապհաթ Նուսրա» կազմակերպութիւնը։


Նոյն օրը, իսլամ ծայրայեղականներու «Իսլամական պետութիւն» կոչուած կազմակերպութեան զինեալները սաստկացուցած են Թուրքիոյ սահմանին մօտ գտնուող Քոպանի քաղաքին վրայ յարձակումը՝ փորձելով զայն գրաւել քիւրտերէն։

Միւս կողմէ, հիւսիսային Իրաքի քրտական զօրքերը Սեպտեմբեր 30ին Իրաքի մէջ «Իսլամական պետութիւն» կազմակերպութենէն խլած են աւելի քան տասնեակ մը գիւղեր, որոնցմէ երկուքը կը գտնուին Սուրիոյ հետ սահմանին մօտ։ Բախումներ տեղի ունեցած են նաեւ Մուսուլի մօտերը:

Քիւրտերը օգնութիւն կը ստանան քանի մը արեւմտեան պետութիւններէ, որոնք մասնաւորաբար զէնք եւ զինամթերք կը մատակարարեն: Քիւրտերու յառաջխաղացքի նախօրեակին, ծայրայեղականներու դիրքերուն վրայ յարձակումներ գործած էր նաեւ ամերիկեան օդուժը: Ուաշինկթընին աջակցութիւն կը ցուցաբերեն շարք մը եւրոպական եւ արաբական պետութիւններ, որոնց պատերազմական օդանաւերը կը մասնակցին ռմբակոծումներուն:

Դաշնակից ուժերու ռմբաձիգները ռմբակոծած են Սուրիոյ սահմանին մօտ եւ Անպարի արեւմուտքը գտնուող դիրքեր: Մինչ այդ, Թուրքիոյ կառավարութիւնը խորհրդարանին ներկայացուց բանաձեւ մը, որ բանակին կ՛արտօնէ Սուրիոյ եւ հիւսիսային Իրաքի մէջ ուժ օգտագործել ու մաս կազմել ծայրայեղականներու դէմ պայքարող միջազգային դաշինքին: Հրապարակային քննարկումը պիտի սկսի Հինգշաբթի օր։ Թրքական բանակը արդէն իսկ հրասայլեր տեղակայած է սուրիական սահմանին մօտ, Քոպանիի (Այն Արապի) հիւսիսարեւմուտքը գտնուող զօրակայանի մը մէջ։

«Պի.Պի.Սի.» հաղորդեց, որ թրքական զինուորական ոստիկանութիւնը արցունքաբեր կազ օգտագործած է՝ արգելք հանդիսանալու համար իրենց ազգակիցներուն օգնութեան հասնելու նպատակով հարիւրաւոր քիւրտերու Սուրիա մուտք գործելուն, իսկ «Սքայ Նիուզ» հաղորդեց, որ թրքական իշխանութիւնները, ապահովական պատճառներով, գաղթականներուն դիմաց փակած են Քոպանիի մօտ գտնուող սահմանային անցքը:


comments

Advertisement