Հոնկ Քոնկի մէջ ցուցարարները կը սպառնան շէնքեր գրաւել

By Asbarez | Wednesday, 01 October 2014

 

ՀՈՆԿ ՔՈՆԿ, «Էյ.Փի.».- Չինաստանի վարչական յատուկ շրջան մը հանդիսացող Հոնկ Քոնկի մէջ արդէն 6րդ օրը ըլլալով շարունակուեցան բողոքի ցոյցերը, որոնց մասնակիցները կը պահանջեն շրջանի ընտրական համակարգի ժողովրդավարացումը:


Ցուցարարներու ղեկավարութիւնը Հոկտեմբեր 1ին սպառնաց յաջորդ օրն իսկ ցոյցերը ընդարձակել ու պետական շէնքեր գրաւել, եթէ կեդրոնական իշխանութեանց կողմէ նշանակուած Հոնկ Քոնկի ղեկավարը չհրաժարի։

Ցուցարարները սկսած են պատնէշներ կառուցելու եւ ջուրի ու մթերքի պաշար հաւաքելու՝ պատրաստուելով երկարատեւ ճակատումի:

Ոստիկանութեան կողմէ արցունքաբեր կազով յարձակումի ենթարկուելէ ետք, ցուցարարները սկսած են «զինուել»ու հովանոցներով, պաշտպանուելու համար կազէն: Այդ պատճառով ալ շատեր այս բողոքի ցոյցը անուանած են «Հովանոցներու յեղափոխութիւն»:


comments

Advertisement